«Երկիր».- ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան «Ազատութիւն» ռատիոկայանի դիմատետրի ասուլիսին ընթացքին պատասխանելով այն հարցումին, թէ ո՛ւր  պիտի երթայ ընդդիմադիրներու ճանապարհային քարտէզը, յայտարարեց, որ ստեղծուած իրավիճակի ելքը  արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւնները կը համարենք:

Պատսախանելով այն դիտարկումին, թէ հիմա՞ ինչու կը պահանջեն արտակարգ ընտրութիւններ, եթէ 2018-ին անհրաժեշտ շեմը չյաղթահարեցին, Իշխան Սաղաթէլեան ըսաւ․ «Հոս յաջողիլ-չյաջողելու հարցը չէ, մարդիկ կը փափաքէին ապրիլ արժանապատիւ, անցած է 2 տարի եւ գործող իշխանութիւնը այս պահանջներէն շեղած է, երկրին մէջ կայ քաղաքական եւ կառավարման ճգնաժամ եւ մենք  այս պահանջները իրականութիւն դարձնելու համար անհրաժեշտ կը նկատենք նոր որակի իշխանութիւն, որ ժողովուրդը կրնայ ձեւաւորել ընտրութիւններու միջոցով»:

Սաղաթէլեանի դիտարկումով` 2 տարի առաջուան եւ ներկային միջեւ, հասարակական ընկալումով, բաւական մեծ է տարբերութիւնը:

«Մենք կ’արձագանգենք, երբ արդարադատութիւնը ընտրովի կ’ըլլայ․ եթէ կան Հայաստանի մէջ մարդիկ, իսկ մեր կարծիքով կան, որ թալանած են պետական պիւտճէէն, պէտք է վերադարձնեն եւ պատժուին, այդ մէկը չի քննարկուիր: Բայց որ գործող իշխանութիւնը աս մէկը օգտագործէ իբրեւ լծակ, իբրեւ գործիքակազմ եւ ընդդիմադիրները ճնշելու կարելիութիւն՝ անընդունելի է», ըսաւ Իշխան Սաղաթէլեան:

Ան յայտնեց, որ իշխանութիւնը 2 տարիէ ի վեր  հիմնական թեզ մը ունի` «թալանած են», «գողցած են», այն տարիներուն, երբ իրենք իշխանութիւն ունէին, որեւէ բան չէ վերադարձուած սակայն:

«Այսինքն, մենք դէմ չենք, որ յանցագործները պատժուին, բայց մենք դէմ ենք, երբ օրէնքները ոտնահարելով գործողութիւններ կը կատարուին կարգ մը  մարդոց հանդէպ միայն», յայտարարեց ՀՅԴ Հայաստանի ԳՄ ներկայացուցիչը:

«Դաշնակցութիւնը ունի իր սեփական դիմագիծը եւ մենք երբեք չենք կրնար նոյնանալ որեւէ մէկուն հետ», ըսաւ ՀՅԴ Իշխան Սաղաթէլեան` պատասխանելով այլ գաղափարախօսութիւններ կրող ուժերու հետ գործակցութեան մասին հարցումին:

«Գործակցութիւնը որեւէ քաղաքական ուժի հետ չի նշանակեր, որ մենք միաձուլուած եւ հրաժարած ենք սեփական արժէքներէն, ծրագիրներէն, տեսակէտէն կամ ինքնուրոյն օրակարգէն: Մենք տարբեր ժամանակաշրջաններու, տարբեր քաղաքական ուժերու հետ, տարբեր օրակարգերով գործակցած ենք, բայց մշտապէս պահած ենք մեր ինքնուրոյնութիւնը», ըսաւ ան:

Իշխան Սաղաթէլեան նկատեց, որ վերջին 30 տարուան մէջ բոլոր ընտրութիւններուն Դաշնակցութիւնը մասնակցած է ինքնուրոյն, առանց որեւէ մէկուն հետ դաշինք կնքելու եւ ՀՀ քաղաքացիներուն կարելիութիւն տրուած է ` իրենց քուէն տալ Դաշնակցութեան:

«Հանրապետութեան նախագահը, նաեւ իբրեւ պետութեան գլուխ, պէտք է տեղի չտար այսօրուան քաղաքական մեծամասնութեան ոտնձգութիւններուն եւ իր խօսքը յստակ ըսէր  քայլերու մասին, որ տեղի ունեցաւ Սահմանադրական Դատարանին հետ կապուած», յայտարարեց Իշխան Սաղաթելեան` պատասխանելով այն հարցումին, թէ ՀՀ նախագահին Ազգային Ժողովի կանոնակարգ-օրէնքի փոփոխութիւններուն հապճեպ ստորագրումը, որով ինքն իրեն զրկեց Սահմանադրութեան փոփոխութիւնները ստորագրելու եւ հրապարակելու լիազօրութենէն, արդեօ՞ք նամակ չէր, որ իր վրայ ճնշում կայ:

Սաղաթէլեան ըսաւ, որ այդ մասին հաստատումներ ընելու փաստեր չունի, բայց ՀՀ նախագահը պէտք է տեղի չտար քաղաքական մեծամասնութեան ոտնձգութիւններուն:

Իսկ արդեօ՞ք յաջորդ իշխանութիւնները պիտի փափաքին  կամայականօրէն փոխել Սահմանադրութիւնը հարցումին Սաղաթէլեան պատասխանեց, որ եթէ իրենք  իշխանութիւն ըլլան` ոչ, որովհետեւ իրենց համար Մայր օրէնքը եւ Սահմանադրութիւնը պահպանելը շատ մեծ եւ կարեւոր նշանակութիւն ունի:

Դաշնակցութիւնը  քանի մը փորձ ունեցած է իշխանութեան հասնելու, ի՞նչը խանգարած է հարցումին Իշխան Սաղաթէլեան պատասխանեց․ «Որովհետեւ մենք չենք զբաղած ամբոխավարութեամբ, չենք տուած խոստումներ, ժողովրդականութեամբ չենք զբաղած, մենք ներկայացուցած ենք մեր ծրագիրները, մեր տեսլականը եւ, ցաւօք, նաեւ ունեցած ենք մեր բացթողումները` մեր հասարակութեան չենք կրցած ամբողջովին ներկայացնել ինչ որ մենք ունինք եւ ինչ որ մենք կրնանք ընել»:

ՀՅԴ Հայաստանի ԳՄ ներկայացուցիչը ըսաւ, որ այս իմաստով յառաջիկային հասարակութեան լայն զանգուածներու հետ աշխատելու մէջ մարտավարական որոշ փոփոխութիւններ պիտի ներառեն:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ինչպէ՞ս պէտք է փոխուի կուսակցութիւնը յաջորդ ժողովին խորհրդարանէն ներս տեղ ունենալու համար, Իշխան Սաղաթէլեան ըսաւ. «Փառք Աստծոյ, Դաշնակցութիւնը այսօր ունի լաւ խումբ` մեծ թիւով երիտասարդներ` հայրենասէր, ազգանուէր, պատրաստուած»: Աւելցնելով, որ ոչ թէ կուսակցութիւնը պէտք է փոխուի, այլ հասարակութեան հետ աշխատելու մեթոտները, նկատել տալով, որ ՀՅԴ հրապարակային աշխատանքին մէջ օրէ-օր կարելի է տեսնել նորանոր երիտասարդներ:

Արդեօ՞ք ՀՅԴ Հայաստանի ԳՄ ներկայացուցիչը համաձայն է, որ ՀՀԿ-ն ու ԲՀԿ-ն համատարած ընտրակաշառք  բաժնած են` Իշխան Սաղաթէլեան յիշեցուց, որ վերջին 3 խորհրդարանական ընտրութիւններէն ետք ՀՅԴ-ն յստակ յայտարարած է, որ ընտրակաշառք եղած  եւ  դերակատարութիւն ունեցած է:

Այս պարագային ինչպէ՞ս կը համագործակցին այդ ուժերուն հետ` հարցումին, Սաղաթէլեան պատասխանեց․ «Ընտրակաշառք մէկ կամ երկու ուժ չէ բաժնած, շատերը  բաժնած են, բայց ընտրութիւններու արդիւնքները չեն վիճակուած: Մեր գործակցութիւնը օրակարգի շուրջ եղած է եւ օգտակար  եղած է ժողովուրդին համար: Կրնա՞ր աւելի լաւ ըլլար, անշուշտ կրնար եւ կ’ափսոսանք  այդ կորսուած տարիներուն համար»:

«Ըլլայ Սերժ Սարգսեանի օրով, անկէ առաջ կամ ետք Արցախի հարցով Դաշնակցութեան տեսակէտի մէջ փոփոխութիւն չի կրնար ըլլալ սա մեզի համար ոչ միայն կարմիր գիծ է, սա մեր կենսագրութիւնն է, անցած ճանապարհն է», յայտարարեց Իշխան Սաղաթէլեան` պատասխանելով հարցումին, թէ ո՞րն է ՀՅԴ-ի` Արցախի հակամարտութեան լուծման բանաձեւը:

Դաշնակցութիւնը 300-էն աւելի նահատակ  ունեցած է արցախեան պատերազմին մէջ` յիշեցուց ան:

Սաղաթէլեան նկատեց, որ ՀՅԴ-ն ըսած է եւ կը շարունակէ պնդել` Արցախի հարցը պէտք է լուծուի Արցախի Սահմանադրութեամբ, 1991 թ-ի անկախութեան հռչակագիրով եւ վերջին հանրաքուէով ամրագրուած ժողովուրդի յստակ կամարտայայտմամբ եւ հոս կապ չունի` ով է իշխանութիւն: