«Էրմէնիհապեր».-Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութեան մամուլի խօսնակ Համի Աքսոյը գրաւոր յայտարարութեամբ հանդէս եկած է 25 Յունիսին Ուաշինկթընի մէջ Թուրքիոյ դեսպանատան առջեւ Աթաթուրքի (Աթաթիւրք) արձանին վրայ ձգուած գրութեան առնչութեամբ:
Նշենք, որ անյայտ անձ մը ցուցապաստառ կախած էր Թուրքիոյ Հանրապետութեան հիմնադիր, առաջին նախագահ Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթուրքի արձանին վրայ, որուն վրայ գրուած է ․ «Այո, ես մեղաւոր եմ մարդկութեան դէմ իրագործուած յանցագործութիւններուն համար․ Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթուրք»:
Աքսոյ յայտնած է, որ Ուաշինկթընի Թուրքիոյ դեսպանութիւնը դէպքի առնչութեամբ հետաքննութիւն սկսելու համար դիմած է ԱՄՆ-ի իրաւապահ մարմիններուն:
Ան համոզմունք յայտնած է, որ նման դէպքերը »Չեն կրնար համաշխարհային պատմութեան մէջ անվիճելի հեղինակութիւն ունեցող Քեմալ Աթաթուրքի յիշատակը եւ իրենց փառահեղ պատմութիւնը շուքի տակ ձգել»:
Յիշեցնենք, որ թեմային անդրադարձած էր Յոյներու ցեղասպանութեան ուսումնասիրութիւններու կեդրոնը, որու դիմատետրի էջին վրայ հրապարակուած է Աթաթուրքի արձանի լուսանկարը:
Թրքական ԶԼՄ-ներու փոխանցումով` Ուաշինկթընի մէջ Թուրքիոյ դեսպանատան անվտանգութեան տեսախցիկները արձանագրած էին այն պահը, թէ ինչպէս մէկը այդ ցուցապաստառը կախած է արձանին, այնուհետեւ լուսանկարած եւ ցուցապաստառը վերցուցած յետոյ փախած է: