Չորեքշաբթի, 1 Յունիս 2020-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ Հասիչէի արուարձանի Պապ ալ Ֆարաճ շրջանին մէջ կայք հաստատած թրքական ուժեր բազմաթիւ հրթիռներ արձակած են Հասիչէի Ապու Ռասին գիւղի գիւղատնտեսական հողատարածքներուն ուղղութեամբ, որուն հետեւանքով վիրաւորներ արձանագրուած են: Աղբիւրը յայտնեց, որ Ապու Ռասինի արեւմտեան բաժինին մէջ, թրքական ուժեր դաշտ մը յատկացուցած են ահաբեկիչներ մարզելու: Թրքական ուժեր ձեռնառումբեր արձակած են նաեւ Ապու Ռասէնի հարաւարեւմտեան շրջանի զինուորական կեդրոններուն ուղղութեամբ՝ տարածաշրջանին մէջ ահաբեկիչներուն շարժումը դիւրացնելու նպատակով: