Չորեքշաբթի, 1 Յունիս 2020-ին, Սուրիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը հանդէս եկաւ հաղորդագրութեամբ մը, յայտնելով, որ Սուրիոյ տագնապին օրակարգով Պրիւքսելի մէջ տեղի ունեցած խորհրդաժողովը եւ անկէ բխած որոշումները կը յայտնաբերեն ԱՄՆ-ի, Եւրոպական Միութեան եւ անոնց ենթակայ կազմակերպութիւններուն Սուրիոյ հանդէպ ունեցած թշնամական մօտեցումը: Հաղորդագրութեան համաձայն, յիշեալ կազմակերպութիւնները Սուրիոյ պատերազմի տարիներուն տարաբնոյթ աջակցութիւն ցուցաբերեցին ահաբեկիչներուն եւ այլազան ոճիրներ գործեցին Սուրիոյ ժողովուրդին դէմ, գրաւեցին երկրի քարիւղի հանքերը, ցորենի դաշտերը, գործարանները եւ մինչեւ օրս կը շարունակեն խոչընդոտել երկրէն ներս տարուող վերականգնումի աշխատանքները, իրարայաջորդ պատժամիջոցներ պարտադրելով Սուրիոյ ժողովուրդին եւ տեղահանուածներուն տունդարձը կանխելով: Նախարարութիւնը անհամոզիչ համարած է խորհրդաժողովներ գումարելով Սուրիոյ ժողովուրդին կենցաղային իրավիճակով մտահոգուած ձեւանալու Արեւմուտքին փորձերը: Ապա եզրափակելով շեշտած է, որ Սուրիոյ ժողովուրդը, որ տարիներ շարունակ իր հզօր բանակին կողքին ահաբեկչութեան դէմ պատերազմ մղեց, այսօր եւս պիտի յաջողի տնտեսական ապօրնի պատժամիջոցները դիմագրաւել, վերականգնել երկրին ազգային տնտեսութիւնն ու շարունակել վերանորոգումի աշխատանքները: