«Արմէնփրէս».- ՀՀ ականազերծողներու, բժիշկներու եւ անոնց անմիջական ապահովութիւնը ապահովող 73 հայ մասնագէտներէ կազմուած 5-րդ մարդասիրական խումբը 6 Յունիսին մեկնած է Սուրիա:
19 Յունիսին Հալէպի ՀՀ գլխաւոր հիւպատոս Արմէն Սարգսեան հանդիպած է Հալէպ ժամանած հինգերորդ խումբի հայ մասնագէտներուն հետ եւ յաջողութիւն մաղթած անոնց:
Հանդիպումին քննարկուած են աշխատանքային առաքելութեան առնչուող շարք մը հարցեր: 23 Յունիսին Հալէպի մէջ տեղակայուած հակամարտող կողմերու հաշտեցման ռուսական կեդրոնի ղեկավար կազմը եւ Հալէպ նահանգի ապահովութեան կոմիտէի ղեկավարի տեղակալը ճանաչողական այցելութեան ընթացքին հանդիպած են մարդասիրական խումբին հետ:
Այցելութեան նպատակը եղած է ծանօթանալ եւ քննարկել խումբին հետագայ գործունէութեան եւ գործակցութեան հիմնական դրոյթները: 29 Յունիսին Հալէպի ՀՀ Գլխաւոր Հիւպատոսութեան մէջ մարդասիրական առաքելութիւն իրականացնող խումբի ներկայացուցիչ Արկատի Տօնոյեան հանդիպում ունեցած է Danish Refugee Council (DRC)-ի ղեկավար Պրենտա Ֆլորսի եւ անոր աշխատակազմին հետ: Հանդիպումին ընթացքին DRC-ի ղեկավար կազմին հետ քննարկուած են մարդասիրական խումբին եւ յիշեալ գրասենեակին գործակցութեան մատչելի տարբերակները` «ականներու վտանգի իրազեկման եւ ականներէն տուժածներու աջակցութեան» ծրագիրներուն գծով: Յունիսին, Հալէպի մէջ մարդասիրական առաքելութիւն իրականցանող 5-րդ խումբի ականազերծները ականազերծած են 2450 քառակուսի մեթր ականապատ տարածք, յայտնաբերած են երեք Վօգ-17 ական, ինչպէս նաեւ` ինքնաշէն պայթուցիկ իրեր:
«Այսպիսով` առաքելութեան առաջին օրուընէ ի վեր ականազերծուած է 185.209 քառակուսի մեթր տարածք, որմէ սուրիական կառավարութեան հաւաստագրերով յանձնուած է 142.000 քառակուսի մեթր տարածք: Հայաստանի մարդասիրական 5-րդ խումբի բժշկական խումբը համաճարակային սահմանափակումներու պայմաններուն տակ բժշկական օգնութիւն ցուցաբերած է 646 տեղացիներու: Այսպիսով, 2019 թուականի Փետրուարէն մինչեւ այսօր բժշկական օգնութիւն ցուցաբերուած է 13.772 հիւանդի: Մարդասիրական խումբի մշտական տեղակայման ամբողջ տարածքին շարունակուած են ամէնօրեայ ախտահանման աշխատանքները: Թէեւ Հալէպի մէջ առկայ են այս առչութեամբ շարք մը սահմանափակումներ եւ դժուարութիւններ, այդուամենայնիւ մարդասիրական խումբը բարձր մակարդակով կը շարունակէ իր առաքելութիւնը», ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ: