«Ապառաժ».- «Հաշուեքննիչ պալատի մասին» օրէնքի մէջ փոփոխութիւն կատարելու շուրջ օրէնքի նախագիծի քննարկումներուն ընթացքին Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արթուր Մոսիեան ներկայացուցած է իր մտահոգութիւնները.

«Օրէնքով Հաշուեքննիչ պալատի անդամին ներկայացուած է ե՛ւ պաշտօնի ե՛ւ աշխատանքային փորձի պահանջ: Անոնցմէ մէկը վերացնելով անգամ մը եւս կը հաստատէք, որ քաղաքական նպատակայարմարութիւն կը գործէ: Հարցը, որ հոս նստածներէն իւրաքանչիւրը պէտք է լաւ գիտակցի, որ մարդու համար օրէնք փոխելը լաւագոյն տարբերակը չէ: Այդ սահմանափակումները պէտք է յարմարեցնել թեկնածուին, ոչ թէ որոշակի թեկնածուի համար օրէնք փոխել: 2-3 կամ 5 տարի յետոյ ալ քաղաքական հանգամանքներուն փոխուելէն ետք կրնայ օրէնքը փոխուիլ եւ նոր թեկնածուին յարմարեցուիլ: Աս մէկը լաւ տեղ չի տանիր:
Հանրապետութեան նախագահը իր երդմնակալութեան արարողութենէն ետք սկզբունքներ հռչակած է, որոնք, անկեղծօրէն, բոլորին յարմար են: Երդմնակալութենէն ամիս մը անցած է, ես չեմ կարծեր, որ այս օրէնքի նախագիծը որեւէ ձեւով աղերսուած է այդ սկզբունքներուն հետ: Կարելի է փաթեթաւորումը ներկայացնել, որ սխալ հասկցած էք, այլ հիմնաւորումներ բերելով, բայց իրականութիւնը աս է: Իրականութենէն փախչիլ կարելի չէ: Սա կը վերաբերի նաեւ 5-րդ ալիքին: Լրատուամիջոց փակուած է, ետքը ըսուած է, սա թեքնիքական պատճառով, կայծակի պատճառով է: Պարզուած է` կայծակը քաղաքական էր, ոչ թէ բնական: Արդիւնքը, որ մեր բազմահազար քաղաքացիները զրկուած են լաւագոյն ալիքներէն մէկը դիտելու կարելիութենէն: Դարձեալ կարելի է հիմնաւորումներ ներկայացնել, ըսել մեր կարծիքը այսպէս կամ այնպէս է:
Մէկ ամիս ժամանակ անցած է, արդէն երկու ուղղութիւններով շեղում նկատուած է: Մէկը, որ մարդու համար օրէնք կը փոխէ, միւսը 5-րդ ալիքի հետ կապուած հարցն է: Քիչ մը շու՞տ չէ, որ մէկ ամիս անցած շեղինք այդ ճանապարհէն: Այսպէս շարունակելով 6 ամիս, 1 տարի ետք կրնանք արձանագրել, որ այդ սկզբունքները պարզապէս մնացած են որպէս բարի ցանկութիւններ»: