«Երկիր».- Ճենտերէ փողոցը, որ կը գտնուի Իսթանպուլի կեդրոնական թաղամասերէն մէկուն հնագոյն մասին մէջ ` Սարիէր, Իսթանպուլի մէջ Ատրպէյճանի գլխաւոր հիւպատոսութեան առաջարկով եւ նախաձեռնութեամբ վերանուանուած է Ատրպէյճանի փողոց:
Ըստ ատրպէյճանական պետական լրատուամիջոցներուն` «Երկու պետութիւն ` մէկ ազգ» կարգախօսով այս իրադարձութիւնը կը դառնայ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ պատմական եղբայրութեան մէկ այլ վառ օրինակ:
Փողոցը վերանուանուած է Սարիիրի քաղաքային ժողովի համապատասխան որոշումին համաձայն: Այս որոշումը ներկայացուած է Սթանպուլի քաղաքային ժողովին` պաշտօնական ընթացակարգերը աւարտելու համար: