Այսօր առաւօտ, Սուրիոյ խորհրդարանական ընտրութիւններու հայ համայնքի թեկնածու Ժիրայր Րէիսեան այցելեց Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեանին՝ ստանալու սրբազան հօր օրհնութիւնը:
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը օրհնութիւնը տալով իր զօրակցութիւնը յայտնեց թեկնածու Ժիրայր Րէիսեանին եւ յաջողութիւն մաղթեց անոր յառաջիկայ աշխատանքներուն:
Յիշենք, որ Կիրակի, 19 Յուլիս 2020-ին, տեղի պիտի ունենան Սուրիական Արաբական Հանրապետութեան խորհրդարանի 3-րդ օրէնսդրական շրջանի ընտրութիւնները: