Հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ.Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեանի, Երկուշաբթի, 28 Յունիս 2020-ի երեկոյեան, Ազգային Եփրատ վարժարանի շրջափակէն ներս տեղի ունեցաւ շրջանաւարտ հունձքի վկայականաց բաշխումը, ներկայութեամբ Արժ. Տ. Պսակ Քհնյ. Պէրպէրեանի, թաղականութեան, հոգաբարձութեան եւ աշակերտներու ծնողներուն։ Բացման խօսքով հանդէս եկաւ հայերէնաւանդ ուսուցչուհի տիկին Մեղրի Ասիլեան-Ղուկասեան, որ բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, ապա դիտել տուաւ, որ պսակաձեւ ժահրի կանխարգիլման ցուցմունքները յարգելու անհրաժեշտութենէն մեկնած այս տարի վարժարանի տնօրէնութիւնն ու ուսուցչաց կազմը յարմար նկատեցին ամփոփ յայտագիրով կազմակերպել շրջանաւարտներուն վկայականաց բաշխման հանդէսը։
Վարժարանի տնօրէնուհի, փաստաբան Լուսին Աւետիսեան խօսք առնելով շնորհաւորեց ծնողներն ու շրջանաւարտները, անոնց մաղթելով նորանոր յաջողութիւններ եւ փայլուն ապագայ, որպէսզի դառնան մեր ազգին հպարտութիւնը։
Այնուհետեւ հոգեշնորհ հայր սուրբը իր հայրական օրհնութիւնն ու բարի մաղթանքները ուղղեց աշակերտներուն ըսելով. «Ուսումը մարդուս կեանքը ծաղկեցնող ընթացք մըն է, որով մարդը իր կեանքը կ՚առաջնորդէ դէպի բարի եւ ծաղկուն ապագայ, իսկ հայ նորահաս սերունդին ուսեալ ըլլալը առաւել եւս անհրաժեշտ է մեր ազգային կեանքին մէջ, որովհետեւ ինք է, որ յառաջիկայ սերունդները պիտի դաստիարակէ, զիրենք քաջալերելով դառնալու տիպար եւ ուսումնատենչ աշակերտներւ ազգիս հայոց»։ Իր խօսքի աւարտին հայ սուրբը շնորհակալութիւն յայտնեց տնօրէնութեան եւ ուսուցչական կազմին՝ իրենց տքնաջան աշխատանքին համար։
Բժշկհ. Մարի Մելքոն