Այսօր առաւօտ, Սուրիոյ խորհրդարանական ընտրութիւններու հայ համայնքի թեկնածու Ժիրայր Րէիսեան այցելեց Հայ Աւետարանական Համայնքի պետ Վերապատուելի Յարութիւն Սելիմեանին ՝ ստանալու անոր օրհնութիւնը:

Վերապատուելին իր զօրակցութիւնը յայտնեց թեկնածու Ժիրայր Րէիսեանին եւ յաջողութիւն մաղթեց անոր յառաջիկայ աշխատանքներուն: