Հինգշաբթի, 2 Յուլիս 2020-ին, Սուրիոյ Առողջապահութեան Նախարարութիւնը յայտարարեց, որ պսակաձեւ ժահրով վարակուած 19 նոր պարագաներ արձանագրուեցան, եւ վարակուած 3 պարագաներ բուժուեցան։
Այսպիսով Սուրիոյ մէջ պսակաձեւ ժահրով վարակուածներուն թիւը հասաւ 312-ի, մահացածներունը՝ 9-ի, իսկ բուժուածներունը՝ 113-ի։