Այսօր առաւօտ, Սուրիոյ երեսփոխանական ընտրութիւններու հայ համայնքի թեկնածու Ժիրայր Րէիսեան այցելեց Ասորի Կաթողիկէ Համայնքի Առաջնորդ Մար Տիոնոսիոս Անթուան Շահտային։

Հանդիպումին ընթացքին Րէիսեան խօսեցաւ խորհրդարանական ընտրութիւններու նախապատրաստական աշխատանքներուն շուրջ, կարեւոր համարելով զոյգ համայնքներու զաւակներուն խիտ շարքերով մասնակցութիւնը։