«Արմէնփրէս».- Հայաստանի եւ Ռումանիոյ Արտաքին գործոց Նախարարութիւններուն մէջ 2 Յուլիսին տեսակապի միջոցով տեղի ունեցած է քաղաքական խորհրդատուութիւն:
Խորհրդատուութեան ընթացքին քննարկուած ե հայ-ռումանական յարաբերութիւններուն առնչուող հարցեր` քաղաքական, առեւտրատնտեսական, մշակութային, միջխորհրդարանական կապերու խորացման շուրջ:
Կողմերը անդրադարձած են նաեւ տարածաշրջանային եւ միջազգային օրակարգի փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցերուն եւ միջազգային կառոյցներու երկկողմ փոխգործակցութեան:
ԱԳ նախարարի տեղակալ Աւետ Ատոնց ներկայացուցած է ԼՂ հիմնահարցի կարգաւորման գործընթացին շուրջ վերջին զարգացումները` կարեւոր համարելով նաեւ հարցի առնչութեամբ Եւրոմիութեան եւ վերջինիս անդամ երկիրներու կողմէն լիակատար աջակցութիւնը ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահներու ջանքերուն», ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ: