«Արմէնփրէս».- Հայաստան 1 Յուլիսին ընտրուած է «Հաւասարութեան Սերունդ» ֆորումի մէջ ձեւաւորուած «Ճարտարագիտութիւն եւ Նորարարութիւն» միութեան առաջնորդ երկիր:
««Հաւասարութեան Սերունդ» ֆորումը կը գործէ ՄԱԿ-ի հովանիին ներքեւ սեռային հաւասարութեան եւ կանանց յառաջխաղացման մարմինի (UN-Women), ինչպէս նաեւ Ֆրանսայի եւ Մեքսիքի կառավարութիւններուն նախաձեռնութեամբ` քաղաքացիական հասարակութեան հետ սերտ գործակցութեամբ: Նախաձեռնութիւնը կը միտի պետութիւններու, միջազգային կազմակերպութիւններու եւ քաղաքացիական հասարակութեան գործակցութեան խթանումին։ Ֆորումը կառուցուած է 6 թեմատիկ դաշինքներու շուրջ, որոնք կը միտին սեռային հաւասարութեան եւ կանանց իրաւունքներու կենսագործման եւ խթանման, տնտեսական հզօրացման, առողջապահութեան, կլիմայի, ինչպէս նաեւ սեռային բռնութեան կանխարգիլման:
Դաշինքներու առաջնորդներու կազմին մէջ ընդգրկուած են 20 երկիրներ, ՄԱԿ-ի համակարգին մաս կազմող եւ միջազգային այլ կառոյցներ, բարեգործական կառոյցներ, ինչպէս նաեւ ոլորտին յայտնի հասարակական կազմակերպութիւններ:
Առաջնորդներուն ընտրութիւնը տեղի ունեցած է համապատասխան թեմատիկ ոլորտներու թեկնածուներու յանձնառութեան դրսեւորման, ոլորտէն ներս արձանագրած յառաջընթացին եւ այլ չափանիշներու հիման վրայ: