ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի ֆէյսպուքեան ասուլիսին ընթացքին պատասխանելով այն հարցումին, թէ ո՞ւր պիտի առաջնորդէ ընդդիմադիրներու ճամբու քարտէզը ըսաւ. «Ստեղծուած իրավիճակէն ելքը կը նկատենք արտակարգ խորհրդարանական ընտրութիւնները»:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ինչո՛ւ հիմա կը պահանջեն արտակարգ ընտրութիւններ, եթէ 2018-ին ընտրութեան անհրաժեշտ սահմանը չանցան ու ազգային ժողովին մաս չկազմեցին, Իշխան Սաղաթէլեան ըսաւ. «Այստեղ յաջողիլ-չյաջողելու հարցը չէ, մարդիկ կ’ուզէին ապրիլ արժանապատիւ կեանք մը, անցած է 2 տարի եւ գործող իշխանութիւնը այս պահանջներէն շեղած է, երկրին մէջ կայ քաղաքական եւ կառավարման ճգնաժամ, ուստի մենք կը կարծենք, որ այս պահանջները իրականութիւն դարձնելու համար անհրաժեշտ է նոր որակի իշխանութիւն, զոր ժողովուրդը կրնայ ձեւաւորել ընտրութիւններու միջոցով»:
Սաղաթէլեանի կարծիքով 2 տարի առաջուան եւ ներկային միջեւ, հասարակական ընկալումով, բաւական մեծ է տարբերութիւնը: Իշխանութիւնը 2 տարի է ի վեր հիմնական թէզ մը ունի՝ «թալանած են», «գողցած են», մինչդեռ նոյն այս տարիներուն, որեւէ բան չէ վերադարձած պետական դրամարկղ:
«Այսինքն, մենք դէմ չենք, որ յանցագործները պատժուին, բայց մենք դէմ ենք, երբ օրէնքները ոտնահարելով յատուկ գործողութիւններ կը կատարուին յատուկ մարդոց նկատմամբ», յայտարարեց ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի ներկայացուցիչը:
«Դաշնակցութիւնը ունի իր սեփական դիմագիծը, եւ մենք երբեք չենք կրնար նոյնանալ որեւէ մէկուն հետ», ըսաւ ՀՅԴ Իշխան Սաղաթէլեան՝ պատասխանելով այլ գաղափարախօսութիւններ կրող ուժերու հետ գործակցութեան մասին հարցումին:
«Գործակցութիւնը որեւէ քաղաքական ուժի հետ չի նշանակեր միաձուլուիլ եւ հրաժարիլ սեփական արժէքներէն, ծրագիրներէն, տեսակէտէն կամ ինքնուրոյն օրակարգէն: Մենք տարբեր ժամանակաշրջաններու մէջ տարբեր քաղաքական ուժերու հետ տարբեր օրակարգերով համագործակցած ենք, բայց միշտ պահած ենք մեր ինքնուրոյնութիւնը», ըսաւ ան: