Երեքշաբթի, 30 Յունիս 2020-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ ՄԱԿ-ի մէջ Սուրիոյ մնայուն բանագնաց դոկտ. Պաշշար ալ Ճաաֆարի Սուրիոյ շուրջ ՄԱԿ-ի գումարած առցանց ժողովին ընթացքին շեշտեց, որ բոլոր այն պետութիւները, որոնք խոստացած են միջազգային օրէնքը յարգել եւ միջազգային ապահովութիւնն ու խաղաղութիւնը պահպանել, անհրաժեշտ է որ վերջ տան Սուրիոյ ժողովուրդին մարդկային իրավիճակը քաղաքականացնելու քայլերուն եւ անոր փոխարէն օգտակար դառնան բնակչութեան մարդկային օժանդակութիւններ տրամադրելու եւ տեղահանուածներուն տունդարձը ապահովելու էական ծրագիրներուն:
Ճաաֆարի յայտնեց, որ եթէ կարգ մը կողմեր կը փափաքին 1974-ին Թուրքիոյ Կիպրոսը գրաւելու փորձը Սուրիոյ մէջ ալ կրկնել, թող լաւ իմանան, որ Սուրիա թոյլ պիտի չտայ նման բռնարարքի, նոյնիսկ եթէ ՆԱԹՕ-ի բոլոր պետութիւնները աջակցին Էրտողանին: Ճաաֆարի անհրաժեշտ համարեց ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդին Սուրիոյ տագնապին արմատական լուծում գտնելը, որպէսզի կարելի ըլլայ երկրին ապահովութիւնն ու խաղաղութիւնը վերականգնել եւ վերջ տալ թուրք-ամերիկեան բռնատիրութեան:
Ճաաֆարի խօսքը ուղղելով ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդի ՆԱԹՕ-ի ներկայացուցիչներուն ըսաւ. «Դուք միջազգային օրէնքին եւ ՄԱԿ-ի պայմանագիրին հաւատարիմ մնալու սկզբունքո՞վ կը գործէք, թէ՞ ԱՄՆ-ի, Թուրքիոյ եւ Իսրայէլի սուրիական հողատարածքներ գրաւելու նկրտումներուն կ’աջակցիք: ՄԱԿ-ի Սուրիոյ ինքնիշխանութեան ու տարածքային ամբողջականութեան պահպանման հետ առնչուող որոշումնե՞րը կը յարգէք, թէ՞ Սուրիոյ խաղաղութիւնն ու ապահովութիւնը քայքայող որոշումները»: Ապա եզրափակելով հաստատեց, որ վերջին ժամանակաշրջանին պարզուեցաւ, որ արեւմտեան կարգ մը պետութիւններ յաւակնութիւնը ունեցան իրենք զիրենք մարդկայնութեան եւ բարոյականութեան խորհրդանիշն ու պաշտպանը համարելու, սակայն ձախողեցան իրենց առաջին իսկ քննութեան մէջ: