Սուրիոյ խորհրդարանը այն մարմինն է, որ կը ներկայացնէ երկրի օրէնսդրական իշխանութիւնը՝ օրէնսդրական հրամանագիրներու վաւերացման ճամբով: Խորհրդարանը ունի պետութեան ընդհանուր պիւտճէի հաստատման, պատերազմի եւ խաղաղութեան հռչակման, երկրի գործադիր իշխանութեան աշխատանքին հետեւելու, զայն ճիշդ ուղղութեան մէջ պահելու, ինչպէս նաեւ օտարերկրեայ պայմանագիրներ վաւերացնելու լիազօրութիւնը: Փաստօրէն խորհրդարանը կ’արտացոլէ երկրին եւ ժողովուրդին քաղաքական մշակոյթին մակարդակը:
Խորհրդարանի գործունէութեան թափանցիկութիւնն ու ժողովուրդին հասանելիութիւնը կարեւոր են խորհրդարան-ժողովուրդ փոխադարձ կապին ամրապնդման համար: Ուստի ամէն ջանք պէտք է թափել, որ մեր երկրի բարձրագոյն օրէնսդիր մարմինին գործունէութիւնը ըլլայ աւելի մատչելի ու հասկնալի քաղաքացիներուն համար, իսկ վերջիններուս ձայնը` լսելի ու հասանելի խորհրդարանին:
Ժողովուրդին ձայնը լսելի դարձնելու հիմնական ազդակները ժողովուրդին կողմէ ընտրուած խորհրդարանի երեսփոխաններն են, որոնք կը ներկայացնեն ժողովուրդին տարբեր խաւերը, իգական եւ արական սեռերու ներկայացուցիչներով:
Սուրիոյ Խորհրդարանի երեսփոխանական ընտրութիւններուն իր թեկնածութիւնը կրնայ առաջադրել իւրաքանչիւր քաղաքացի, որ ամբողջացուցած է 25 տարիքը եւ ունի առնուազն տասը տարուան քաղաքացիութիւն, կը վայելէ իր քաղաքացիական եւ քաղաքական բոլոր իրաւունքները եւ քրէական գործի յանցանքով չէ կալանաւորուած: Սուրիոյ պետութեան մօտ գրանցուած քաղաքական կուսակցութիւնները եւս կրնան իրենց թեկնածուները առաջադրել երկրի խորհրդարանական ընտրութիւններուն:
Սուրիոյ խորհրդարանական վերջին ընտրութիւններուն խորհրդարանին մաս կազմեցին երկու հայ երեսփոխաններ՝ Ժիրայր Րէիսեան (որպէս հայազգի թեկնածու, Հալէպ) եւ դոկտ. Նորա Արիսեան (որպէս անկախ թեկնածու, Դամասկոս):
Կիրակի, 19 Յուլիս 2020-ին, տեղի պիտի ունենան Սուրիական Արաբական Հանրապետութեան խորհրդարանի 3-րդ օրէնսդրական շրջանի ընտրութիւնները:
Այս ընտրութիւններուն եւս հայազգի առաջադրուած միասնական թեկնածուին կողքին կը մասնակցին անկախ հայ թեկնածուներ:
Սուրիահայ համայնքին մաս կազմող իւրաքանչիւր քաղաքացիի իրաւունքն ու պարտաւորութիւնն է մասնակցիլ ընտրութիւններուն, որովհետեւ այս ընտրութիւնները պատերազմէն տակաւ դուրս եկող Սուրիական Հայրենիքին համար կարեւոր նուաճում մը կը համարուին՝ երկրի քաղաքական կեանքին կայունութիւնը ամրապնդելու, պետութեան հիմքերուն պահպանման մեր նպաստը բերելու եւ վերականգնումի աշխատանքներուն թափ տալու համար:
Ըսած ենք ու կը կրկնենք, Սուրիան կարելիութիւն ունի իր ժողովուրդին միասնական ջանքերով աւելի հզօրացած դուրս գալու այս տագնապէն եւ իրեն պարտադրուած պատիժներու բեռէն, եթէ կարենայ ժողովուրդին ողջ ներուժը ի սպաս դնել երկրի բազմաբնոյթ կառոյցներու, հաստատութիւններու վերականգնումի աշխատանքին:
Ուստի ընտրութիւններուն մասնակցութիւնը չթերագնահատենք, չբաւարարուինք ընտրողներու որոշ թիւի կամ խաւի մը վստահելով, իւրաքանչիւրս մասնակցինք՝ յարգելու այս երկրին պահպանման ու վերականգնումին համար իր կեանքը նուիրած իւրաքանչիւր նահատակի յիշատակը, յարգելու աւելի քան տասը տարուան մեր անկոտրում կամքին շնորհիւ կայուն մնացած հայ համայնքին դերակատարութիւնը Սուրիոյ վերականգնումի աշխատանքներուն մէջ, ամրագրելու մեր հաւատքը քաղաքակրթութիւններու, կրօններու խաղաղ գոյակցութեան խորհրդանիշ համարուող այս երկրին դիմադրողականութեան ուժին նկատմամբ:
Խիտ շարքերով, քաղաքացիական բարձր գիտակցութեամբ մասնակցինք քուէարկութեան, որովհետեւ քուէարկութիւնը իրաւունք եւ պարտաւորութիւն է: Իւրաքանչիւրիս քուէն արժէք է նաեւ, թիւ համարուելէ աւելի մասնակցութիւն է, հաւատքի դրսեւորում է վերականգնող Սուրիոյ ապագային նկատմամբ:
Քուէդ ազգին ուժն է, սիրելի՛ հայորդի:
«Գ.»