Մեր շատ սիրելի Հօր՝  Վահէ Սրկ. Հայրապետեանի Մահուան Քառասունքին Առիթով
Դժուար է պատկերացնել մեր կեանքը առանց քեզի: Այս աշխարհէն մեկնելէդ ի վեր վշտակիր եղանք: Կարօտով կ’ապրինք եւ քաղցր յուշերով որոշ չափով կը մխիթարուինք: Վշտաբեկ կը դառնայ որեւէ ընտանիք, երբ հողին յանձնէ իր սիւնը՝ հայրը: Ոսկի սիրտդ, գորովալի ձեռքերդ, ժպտուն դէմքդ, զուարթախոհ խօսքերդ եւ դրական ներկայութիւնդ կը փնտռենք, հա՛յր:
Բարեսէր եւ համերաշխ էիր ամէնուն նկատմամբ: Մաքուր խիղճով եւ ջերմ հոգիով սէր շռայլեցիր մեզի: Ընտանեկան յարկէն ներս շէն եւ խանդավառող խառնուածքդ լաւատեսութիւն կը ներշնչէր: Հաւատարիմ ամուսին եւ խնամող հայր ըլլալդ լաւագոյն կերպով ցուցաբերեցիր երկրաւոր կեանքիդ ողջ տեւողութեան:
Գրական արտայայտութիւն չեն գրի առնուած այս տպաւորութիւնները: Կարելի չէ գրել քու մասին միայն մտքի ճարտարութեամբ, խօսքերը անբաւարար են, իսկ զգացումները՝ անբացատրելի: Քանի մը տողերով արտայայտուիլը պարզապէս երախտագիտական լումաներ են, փոխան գանձերուդ, որ տուիր մեզի՝ հայրական գութիդ եւ  պատուաբեր վաստակիդ ճամբով:
Ուստի, հակառակ սուգին, առանց վարանելու մխիթարուած ենք եւ մահուան բարդ գաղափարին հետ հաշտուած: Կեանքը արժեւորելու պատգամն է որ փոխանցեցիր մեզի: Այո՛, երբ յիշենք ծառայութիւնդ, նուիրումդ եւ բարութիւնդ՝ կեանքը արժեւորելու ուղին է որ կը պարզուի մեր աչքերուն առջեւ:
Գործի ասպարէզիդ մէջ բարեհամբաւ էիր: Փափկանկատ էիր նոյնիսկ կարծրասիրտ մարդոց հանդէպ: Պատահական չէր, որ դիմակաւոր մարդոց «աժան» հաշիւներուն տուգանքը վճարեցիր: Բայց կարեւորը ճշմարիտ բարեկամներու  յարգանքը եւ համակրանքը վայելեցիր: Շուկայի  քերականութեան փոխարէն մարդասիրութեան օրէնքին թարգմանը հանդիսացար: Ինչքան վկայութիւններ կան ծանօթներէդ եւ յաճախորդներէդ, որոնք կը բնորոշեն նկարագրային ուշագրաւ յատկանիշներդ։ Կեանքիդ ընթացքին յատուկ տեղ վերապահեցիր եկեղեցիիդ՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչին, որուն կամարներուն ներքեւ սիրով եւ հեզութեամբ ծառայեցիր: 2007-ին սարկաւագ ձեռնադրուեցար: Հրճուանքդ ոգեւորիչ էր: Տօնական օր էր քեզի համար այդ եզակի առիթը: Մենք՝ տնեցիներս, բաժնեկից դարձանք ուրախութեանդ: Եկեղեցասիրութիւնդ իր բարերար ազդեցութիւնը ունեցաւ մեր վրայ: Մեզի եկեղեցի տանող կամուրջն էիր եւ աղօթաբոյր շարականներուն  մեկնաբանն էիր մշակուած ձայնովդ: Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ պայծառութեան համար անշահախնդիր գործեցիր, որպէս ընտանիքի հարազատ եւ ժրաջան անդամ: Պատերազմի ահաւոր տարիներուն անքակտելի կապուածութեամբ շարունակեցիր ծառայել, այս անգամ դպրապետի զգայուն պաշտօնը սիրով յանձն առնելով: Ամէնուն յանդէպ մտերմիկ եւ սրտբաց մօտեցում ցոյց տուիր, կարծիքները յարգեցիր, հաղորդական նկարագրով գործը հետապնդեցիր, եւ մշտապէս ճշդապահ ըլլալ թելադրեցիր,  որպէսզի աշխատանքը արդիւնաւորուի, ծառայութիւնը պտղաբերի ու մանաւանդ շարականի երգեցողութիւնը չդադրի, այլ՝ լսուի Աստուծոյ փառքին համար:
Առաքինի ամուսին, հեզ սարկաւագ, գործի վարպետ, եռանդուն դպրապետ եւ խնամատար հայր եղար: Հալէպահայութեան համար հանրածանօթ դէմք եղար, ոչ միայն արհեստի բերումով, այլ յատկապէս հոգեհարազատ եւ հիւրընկալ վարմունքովդ:
Հիմա, երբ տնեցիներով կը յիշենք քու պայծառ կեանքիդ երթը, փառք կու տանք Աստուծոյ, որ քու հովանիիդ տակ ապրեցանք եւ քու կինդ եւ զաւակներդ ըլլալու պատիւը ունեցանք: Կողակիցդ՝ Արաքսին, զաւակներդ՝ Մարինան , Ալինը, Սարինը, Լալան եւ Անդրանիկը ընդմիշտ պիտի զգանք բացակայութիւնդ, բայց երբեք յուսահատ հոգեվիճակ պիտի չունենանք: Վերջին օրերուն հրաժեշտիդ նշանները սկսած էին աւելի նկատելի իրականութիւն դառնալ: Ստիպուած էիր եկեղեցի չյաճախել: Աղօթքով  պատրաստ էիր Աստուծոյ կամքին համակերպիլ: Այդպէս ալ եղաւ: Հոգիդ աւանդեցիր եւ պայծառ յիշատակդ կտակեցիր մեզի որպէս բարոյական հարստութիւն:

Միշտ պիտի աղօթենք հոգիիդ խաղաղութեան համար: Արքայութեան բնակիչ ըլլաս:

Հայրապետեան Ընտանիք