Տեսաք չէ՞, որ անկարելի ոչինչ կայ աշխարհի վրայ։ Առաջին օրերուն որքա՜ն մտահոգ էինք՝ մեկուսացած, առանձին, անձկութիւններու եւ տագնապներու մէջ կը տառապէինք։ Ի՞նչ պատահեցաւ յետոյ։ Մարդ արարածը բարեբախտաբար այս անել կացութեան ալ մասամբ լուծում մը գտաւ։
Եկէ՛ք, խոստովանինք։ Երբեք այսքան սերտ յարաբերութիւններ չէինք կազմած մեր ընտանիքներով կամ ընկերներով։ Փորձեցինք այս տագնապալի շրջանի ընթացքին առողջ մնալ, թէ՛ մարմնապէս, թէ՛ հոգեպէս։ Երբ անդրադարձանք, որ հոգեպէս առողջ մնալու համար բազում միջոցներ ունինք ու կարելիութիւնները անսահման են, սկսանք մոռնալ ժահրի համաճարակը եւ նոր «համաճարակ» մը պաշարեց մեր առօրեան՝ ընկերային «համաճարակ»ը։
Կը յիշէք, չէ՞։ Առաջին օրերուն կը հետեւէինք համացանցային բոլոր այն աղբիւրներուն, որոնք ցոյց կու տային պսակաձեւ ժահրի համաճարակին տարածումը, կամ կը լսէինք բժիշկներու զանազան առաջարկները, բացատրութիւնները եւ կը կիրարկէինք անոնց թելադրանքները։ Յետոյ ի՞նչ պատահեցաւ։ Մենք հետզհետէ դիմադրողականութիւն ձեռք բերինք այս ճգնաժամային կացութեան։ Վարակուողներուն քանակը եւ մահուան դէպքերը օրէ օր շատցան, իսկ մեր հետաքրքրութիւնը՝ նօսրացաւ, քանի որ կեանքի անիւը կը շարունակէր դառնալ։
Այս իրարանցումին մէջ սկսաւ տարածուիլ նաեւ վերոյիշեալ այդ ընկերային «համաճարակ»ը։ Բոլորս սկսանք ականջ տալ մեր ներաշխարհի ստեղծագործ էակի ձայնին, որ մինչեւ այսօր թէեւ հոն էր, սակայն երբեք չէր արժանացած մեր ուշադրութեան։ Աւելին՝ մեր ընկերներու ներսիդի ձայներն ալ մեզի լսելի դարձան ու միասին ստեղծագործելու նոր առիթներ ծնան։
Այս նոր առիթներուն հետեւանքով՝ նոր աշխուժութիւն մը ապրեցաւ նաեւ մեր մայրենին։ Սկսանք գիտակցիլ, որ այդ ներքին ձայնը մեր մայրենիին դարաւոր աղաղակն էր։ Բազում արհաւիրքներու, հալածանքներու եւ համաճարակներու դիմադրած մեր մայրենին, մեկուսացման այս օրերուն ապրելու կոչ ուղղեց բոլորիս եւ աշխարհի չորս ծագերէն հասաւ արձագանգը։ Երիտասարդներ հայոց անխոնջ մայրենիին նոր արիւն ներարկեցին իրենց տարբեր ձեռնարկութիւններով։
Կեանքի անիւի պտոյտին ճամբուն բազում քարեր կրնան յայտնուիլ ու խանգարել անոր ընթացքը։ Այդ պտոյտին ընթացքին պսակաձեւ ժահրը եւ ընկերային «համաճարակ»ը դասեր էին մեր բոլորին համար։ Նկատեցինք, որ միշտ պէտք է ականջ տալ մեր ներքին ձայներուն։ Մեր յաջողութիւններու, մեր հաւատալիքներու արժէքը այդ մանր քարերէն շատ աւելի թանկագին է։ Մեզի միայն կը մնայ այդ անիւին ուժ տալ եւ մեր ճանապարհը խանգարել փորձող այդ քարերը փշրելով աւազի վերածել։ Այս պայքարին ընթացքին նաեւ կրնայ պատահիլ, որ մեր անիւները կոտրուին, բայց քանի դեռ ղեկը մեր ձեռքն է, կրնանք սլանալ առանց անիւներու, ինչպէս ընկերային «համաճարակ»ը, որ առանց անիւներու եւ անտեսանելի ցանցով մը մեզ իրարու կը կապէ։
Սարին Ագպաշ