Ծովը բնութեան ամէնէն գեղեցիկ տարրերէն մէկն է: Ան կենդանի այլազան արարածներ ընդգրկող խորհրդաւոր աշխարհ մըն է:
Երբ ծովուն դիմաց կենաս, չես կրնար զսպել հորիզոնին վրայ անոր վերջը գտնելու փնտռտուքդ, բայց ան անծայրածիր է՝ սկիզբ ունի վերջ չունի, լեցուն է գաղտնիքներով եւ զարմանալի արարածներով:
Անոր ալիքները կրնան բարձրանալ երկար հանդարտութենէ ետք, իսկ փոթորիկէն ալեկոծուած խաղաղ ծովը կը փաստէ, որ կախարդական իր գեղեցկութեամբ անակնկալներ կրնայ պարգեւել մեզի:
Երբ ծովեզերքը նստած դիտենք մայրամուտին արտացոլումը ծովուն լայն մակերեսէն, մեր երեւակայութիւնը թռիչք կ’առնէ:
Ծովը վայելելու ամէնէն հետաքրքրական բաժինը նաւ նստիլն ու նաւարկելով խորանալն է, խորանալ ու ձուկերուն մերթ ընդ մերթ դուրս նետուիլը դիտելը:
Կարգ մը արուեստագէտներ երբ ուզեն ստեղծագործել, ծովը կ’ըլլայ իրենց մղիչ ուժն ու ներշնչումի աղբիւրը, ինչպէս կը տեսնենք Այվազովսկիի գեղանկարչութեան արուեստին մէջ: Ան ծովը գծած է իր հիանալի, բայց նաեւ սոսկալի ալեկոծումներով:
Որքան հաճելի է ծովուն մէջ լողալը, նոյնքան վախազդու ու վտանգաւոր է անոր ալիքներուն մէջ տատանիլը:
Ի՜նչ խորհրդաւոր է ծովը: Անոր մակերեսը հանդարտ է, սակայն խորքը՝ գաղտնիքներով լեցուն անհանդարտ աշխարհ մը:
Արփի Արապանեան
Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարան
Ը. Կարգ