Արցախի Հանրապետութեան իշխանութիւնները Արցախի բռնագրաւուած տարածքներու տիրացման դադրեցումն ու հանրապետութեան տարածքային ամբողջականութեան վերականգնումի հետամուտ ըլլալու վճռականութիւնը կը վերահաստատեն:
Արցախի Հանրապետութեան Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը հանդէս եկած է հետեւեալ յայտարարութեամբ.
«4 Յուլիս 1992 թ. ատրպէյճանական զինեալ կազմաւորումները, ունենալով կենդանի ուժի եւ զինուժի ճարտարագիտական բազմակի գերազանցութիւն, լայնածաւալ յարձակում կատարեցին Արցախի Հանրապետութեան Մարտակերտ քաղաքի ուղղութեամբ` կիրառելով ծանր հրետանի եւ ռազմական զինուժ: Մարտակերտը ամբողջովին աւերուեցաւ, քաղաքին շուրջ 13 հազար հայ ազգաբնակչութիւնը ստիպուած եղաւ լքել բնակավայրը` դառնալով ներքին տեղահանուած, եւ ժամանակաւոր ապաստան գտաւ մայրաքաղաք Ստեփանակերտի եւ Հայատանի Հանրապետութեան տարբեր բնակավայրերուն մէջ:
Մարտակերտը գրաւելէն ետք ատրպէյճանական կազմաւորումները շարունակեցին յառաջխաղացումը` աւերելով Մարտակերտի շրջանի մօտաւորապէս 80 տոկոսը, կողոպտելով հայկական բնակավայրերը եւ բռնի տեղահանման ենթարկելով բնակչութիւնը:
Ընդհանուր առմամբ, Արցախի Հանրապետութեան տարածքին գրեթէ կէսը Ատրպէյճանի տիրապետութեան տակ յայտնուեցաւ: Հանրապետութիւնը ինքնին յայտնուեցաւ լիակատար ոչնչացման եզրին: Աւելին, աղէտալի իրադրութիւն էր մարդասիրական ոլորտէն ներս` 1992 թ. ամրան վերջին հանրապետութեան բնակչութեան կէսէն աւելին փախստականներ եւ ներքին տեղահանուած անձեր էին: Իրավիճակը աւելի կը խորանար Արցախի մէջ մարդասիրական աղէտի եզրին յայտնուած հայ փախստականներուն եւ ներքին տեղահանուած անձերու ճակատագրերու նկատմամբ միջազգային մասնագիտացուած կազմակերպութիւններու գրեթէ լիակատար անտարբերութեամբ:
Այնուամենայնիւ, նոյնիսկ անյոյս թուացող պայմաններու մէջ Արցախի ժողովուրդը յաջողեցաւ ի մի բերել իր ողջ կամքը, համախմբել իր ողջ ներուժը եւ ետ մղել Ատրպէյճանի ռազմական արարքը:
Մէկ տարի անց` 27 Յունիս 1993 -ին, Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակը յաջողեցաւ ազատագրել Մարտակերտ քաղաքը: Բնակչութեան մէկ մասը վերադարձաւ հայրենիք` ձեռնամուխ ըլլալով պատերազմէն աւերակներու վերածուած սահմանամերձ քաղաքի վերակառուցման ու շէնացման, որ յատկապէս աւելի մեծ թափ ստացաւ 12 Մայիս 1994-ին անժամկէտ հրադադարի եռակողմ (Ատրպէյճան, Արցախի Հանրապետութիւն, Հայաստանի Հանրապետութիւն) համաձայնագիրի ստորագրումէն ետք:
Առ այսօր Արցախի Հանրապետութեան Մարտակերտի շրջանի որոշ բնակավայրեր, Մարտունիի շրջանի մէկ մասը եւ Շահումեանի շրջանը` ամբողջութեամբ, ընդհանուր առմամբ` աւելի քան 1000 քառակուսի քիլոմեթր տարածք, ատրպէյճանական տիրապետութեան տակ կը գտնուին, ուր Ատրպէյճանի իշխանութիւնները անօրինական բնակեցում կ’իրականացնեն եւ այդ տարածքներուն մէջ բուն հայ բնակչութեան հետքերու ոչնչացման քաղաքականութիւն կը կիրարկեն: Արցախի Հանրապետութեան իշխանութիւնները կը վերահաստատեն վճռականութիւնը` հետամուտ ըլլալու Արցախի բռնագրաւուած տարածքներու ազատագրումին ու հանրապետութեան տարածքային ամբողջականութեան վերականգնումին»: