«Էրմէնիհապեր».-Թուրքիոյ Հանրապետութեան Պետական Խորհուրդի (բարձրագոյն վարչական դատարան-խմբ․) 10-րդ պալատէն ներս 2 Յուլիսին Ս․ Սոֆիայի (Այա Սոֆիա) կարգավիճակին հարցով նիստ տեղի ունեցաւ, բայց առնուած որոշումին մասին ոչինչ հրապարակուած է:
Նիստը վարող դատաւորը յայտնած է, որ Պետական Խորհուրդի որոշումը գրաւոր պիտի հրապարակուի օրէնքով սահմանուած 15 օրուան ժամկէտով:
Յիշեցնենք, որ Իսթանպուլի պատմական կեդրոնին մէջ գտնուող բիւզանդական Այա Սոֆիա հռչակաւոր տաճարին կարգավիճակը թանգարանէն մզկիթի փոխելու հարցը Թուրքիոյ Պետական Խորհուրդի օրակարգ բերած էր «Մնայուն Հիմնադրամի Պատմական Ժառանգութեան ու Շրջակայ Միջավայրի Պահպանութեան Միութիւնը»: Միութիւնը դիմում ներկայացուցած էր` պահանջելով չեղեալ համարել տաճարին թանգարանի կարգավիճակ շնորհելու թրքական կառավարութեան 1934-ի որոշումը:
Եթէ 15 օրուան ընթացքին հրապարակուելիք վճիռը կառավարութեան 1934-ի որոշումը հակաիրաւական ճանչնայ, ան չեղեալ կը յայտարարուի, իսկ Սուրբ Սոֆիայի տաճարն ալ մզկիթի կը վերածուի: