Սուրիոյ մայրաքաղաք Դամասկոսի մէջ, դոկտ. Նորա Արիսեան իր թեկնածութիւնը առաջադրեց 19 Յուլիս 2020-ին տեղի ունենալիք Սուրիոյ Խորհրդարանի ընտրութիւններուն:

Դոկտ. Արիսեան «Ռայաթ աշշամ» (Շամի դրօշը) խորագիրը կրող եռանդամ խմբակով կը մասնակցի ընտրապայքարին:

Խմբակի միւս անդամներն են՝ դոկտ. Խալիլ Ժըրժի Թաամէ եւ Մուհամմետ Մահէր ալ Պուսթանի:

Աւելցնենք, որ դոկտ. Արիսեան Սուրիոյ շրջանաւարտ խորհրդարանի անդամ էր եւ ստանձնած էր Սուրիա-Հայաստան բարեկամական Խորհրդարանական Յանձնաժողովի նախագահութիւնը: