«Ապառաժ».- 4 Յուլիսին Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեան հանդիպում ունեցած է աշխատանքային այցելութեամբ Ստեփանակերտի մէջ գտնուող Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեանին հետ:
Հանդիպումին անդրադարձ կատարուած է ատրպէյճանա-արցախեան հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման գործընթացի ներկայ փուլին առնչուող շարք մը հարցերու: Զոհրապ Մնացականեան, մասնաւորապէս, ներկայացուցած է վերջերս ԵԱՀԿ ՄԽ համանախագահներուն եւ Ատրպէյճանի ԱԳ նախարարին հետ տեղի ունեցած տեսաժողովներու արդիւնքները: Երկուստեք խաղաղ կարգաւորման գործընթացի անշրջելիութեան ապահովման նպատակով հակամարտութեան գօտիի վտանգներու նուազեցման եւ կայունութեան ամրապնդման ուղղուած գործնական քայլերու իրականացման կարեւորութիւնը նշուած է: ԱԳՆ ղեկավարները ընդգծած են վերջերս Ատրպէյճանի իշխանութիւններու կողմէն տարբեր մակարդակներով հնչող ռազմատենչ եւ սադրիչ յայտարարութիւններու անթոյլատրելիութիւնը` դիտել տալով, որ նման հռետորաբանութիւնը կը վտանգէ խաղաղ գործընթացը եւ կը խոչընդոտէ վստահութեան մթնոլորտի ձեւաւորումը:
Միեւնոյն ժամանակ, խաղաղ գործընթացի արդիւնաւէտութեան բարձրացման համար վերստին ընդգծուած է բանակցութիւններուն պաշտօնական Ստեփանակերտի լիարժէք մասնակցութեան անհրաժեշտութիւնը:
Այնուհետեւ հանդիպումը շարունակուած է ընդլայնուած կազմով` Արցախի Հանրապետութեան ԱԳՆ ղեկավար կազմի եւ ՀՀ ԱԳՆ պատուիրակութեան մասնակցութեամբ: Հանդիպումին անդրադարձ կատարուած է երկու գերատեսչութիւններու միջեւ խորհրդակցութիւններու ծրագիրի կատարման ընթացքին: Կողմերը գոհունակութեամբ նշած են նախարարութիւններու միջեւ գործակցութեան բարձր մակարդակը եւ գործնական բնոյթը: Տեղի ունեցած է միտքերու փոխանակում` Արցախի միջազգային կապերու եւ միջազգային գործընթացներէն ներս հանրապետութեան ներգրաւուածութեան ընդլայնման հեռանկարներու եւ այդ ուղղութեամբ համակարգուած քայլերուն շուրջ:

Արցախի Հանրապետութեան
Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն