ՀՀ Արտակարգ Իրավիճակներու Նախարարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ 6 Յուլիսին, տեղական ժամանակով ժամը 06:17-ին (Կրինիչի ժամանակով` ժամը 05:31-ին) ԱԻՆ Սեյսմիկ պաշտպանութեան տարածքային ծառայութեան սեյսմոլոգիական ցանցի կողմէն գրանցուած է հիւսիսային լայնութեան 40.03⁰ եւ արեւելեան երկայնութեան 44.53⁰ աշխարհագրական տուեալներով` Հայաստան, Արարատի մարզի Մարմարաշէն գիւղէն հարաւ-արեւելքի 6 քմ հեռաւորութեամբ, օճախի 10 քմ խորութեամբ, 2.2 ուժգնութեամբ երկրաշարժ:
Ստորգետնեայ ցնցումը 2-3 բալ ուժգնութիւն արձանագրած է:

երկրաշարժը զգացուած է Դուին, Մարմարաշէն եւ Ոստան գիւղերուն մէջ` 2 բալ ուժգնութեամբ: