Համաճարակի տնտեսական հետեւանքը դժուարին պայմաններ յառաջացուցած է Հայաստանի շատ շրջաններուն մէջ:
Հայրենակիցներուն ձեռք երկարելը իւրաքանչիւրի պարտքը դարձած է: Յատկապէս նպատակային է տարեցներուն ու, մայրաքաղաքէն հեռու, սահմանամերձ գօտիի մէջ գտնուող ու մեր երկրի սահմաններու պաշտպանութեան մասնակից դարձող սահմանամերձ գիւղերու բնակիչներուն օգնութիւնը:
Դաշնակցական երիտասարդները երրորդ ամիսն է, որ աջակցութեան յատուկ «Միասին Կը Յաղթենք» նախաձեռնութիւնը կ’իրականացնեն: Սկսելով իրենց միջոցներով կը շարունակեն Դաշնակցութեան արտերկրեայ կառոյցներէն հանգանակուող ու ուղարկուող օժանդակութեան միջոցով: Այս անգամ ուղին դէպի Սիւնիք է:
Մանրամասնութիւնները` տեսանիւթով: