«Երկիր».-Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ ուշագրաւ յայտարարութիւններ կատարած է Արցախեան հակամարտութեան մասին` յայտարարելով, որ հակամարտութեան կարգաւորման բանակցութիւններ փաստացիօրէն տեղի չեն ունենար, իսկ երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու ղեկավարներուն միջեւ տեղի ունեցող տեսաժողովները ոչ մէկ նշանակութիւն ունին:

Նշենք, որ երկու երկիրներու ԱԳՆ ղեկավարներ Զոհրապ Մնացականեանի եւ Էլմար Մամետեարովի միջեւ տեսաժողովը տեղի  ունեցած է 30 Յունիսին:

«Այսօր փաստացիօրէն բանակցային գործընթաց տեղի չունենար: Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի ԱԳՆ ղեկավարներուն միջեւ տեսաժողովները նշանակութիւն չունին: Պարզապէս կը նշանակէ, որ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբը գործունէութիւն  կը ծաւալէ: Լաւ, բայց մինչեւ ե՞րբ: Գործունէութիւն ծաւալել չի նշանակեր  արդիւնաւէտ ըլլալ»,  յայտարարած է Ալիեւ տեղական ԶԼՄ-ներուն տուած հարցազրոյցով:

Ատրպէյճանի նախագահը շեշտած է, որ ինք կը փափաքի շօշափելի բանակցութիւններ վարել: «Այո, այս հետեւանքով մենք կը մասնակցինք բանակցութիւններուն: Հակառակ պարագային բանակցութիւններու անհրաժեշտութիւն չկայ: Մենք կը սպասենք  զայն Մինսքի խումբէն եւ ամուր կանգնած ենք մեր դիրքին վրայ, արդարութիւնը մեր կողմն է»,  եզրափակած է Ալիեւ: