«Արմէնփրէս».- ՀՀ վերաքննիչ քրէական դատարանէն ներս մեկնարկած է «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան ղեկավար, պատգամաւոր Գագիկ Ծառուկեանի նկատմամբ կալանքը որպէս խափանման միջոց կիրառելու միջնորդութիւնը մերժելու` Երեւանի ընդհանուր իրաւասութեան առաջին ատեանի դատարանի որոշումին դէմ բողոքի քննութիւնը:

Գագիկ Ծառուկեանը դատական նիստին չէ մասնակցած: Նիստը դռնփակ ընթացած է:

Նախորդ դատական նիստը յետաձգուած էր, որովհետեւ դիմումներուն մէկ մասը դատարանին չէր հասած:

Գագիկ Ծառուկեանի պաշտպանական խումբը նոյնպէս վերաքննիչ բողոք  ներկայացուցած է`  խնդրելով դատարանէն  հիմնաւոր կասկածի բացակայութիւնը հաստատուած համարել: