Գրող Ղազարոս Աղայեան ըսած է․ «Անգործ մնացած հողին վրայ կը բուսնին ամէն տեսակի անպիտան խոտեր, իսկ մշակուող հողը, որ նպատակ ունի շատերուն սնունդ տալ, կը զարդարուի ամէն տեսակի բարիքով»։ Միտք բանին՝ աշխատանքն է, որ իմաստ կու տայ կեանքին, յոյս՝ մարդուն, թռիչք՝ երիտասարդութեան։ Մարդը հողին, միջավայրին, հայրենիքին կապողն ալ աշխատանքն է, յատկապէս պտղատու աշխատանքը, որ հողը կը զարդարէ բարիքով։
Բարեսիրական միութիւնները այս հողն է որ կը ջանան պարարտ դարձնել, ոչ միայն օժանդակութիւններ բաշխելով, որբեր խնամելով, այլեւ մարդիկը աշխատանքի մղելով։
Այս նպատակը կը հետապնդէ նաեւ տնտեսական փոքր ձեռնարկութիւններու ծրագիրը, որ յառաջ կը մղուի Սուրիոյ նախագահական պալատին կողմէ, նախագահ տոքթ․ Պաշշար ալ Ասատի անմիջական ներդրումով ու հետապնդումով՝ պատերազմէն տակաւ դուրս եկող Հալէպի հողն ալ աշխատանքի բարիքներով զարդարելու հեռանկարով։

Սուրիահայ Օգնութեան Խաչը եղաւ այս ծրագիրին կազմակերպչական աշխատանքները ստանձնող կողմերէն մէկը։ Միութիւնը կոչ ուղղեց յատկապէս պատերազմէն ծանր վնասներ կրած արհեստաւորներուն՝ դիմումնագրեր ներկայացնելու եւ նիւթական համապատասխան օժանդակութիւն ստանալով իրենց գործը յառաջ տանելու։
Առաջին փուլով, աւելի քան երեք հարիւր հալէպահայ դիմորդներ, ներկայանալով ՍՕԽ-ի փոքր ձեռնարկութիւններու յանձնախումբին, սկսան իրենց յատկացուած գումարները ստանալ եւ գործի լծուիլ։

Այս աշխատանքին եւ բարեսիրական միութիւններու գործունէութեան մղում տալու համար, օրերս Հալէպ կը գտնուէր Սուրիոյ Բարեկարգումի Բարեսիրական Կազմակերպութեան ներկայացուցիչ տիար Ֆարէս Քելլէսը։
Ան նախ այցելեց Սուրիահայ Օգնութեան Խաչի ընկերաբժշկական վերանորոգուած կեդրոն, իրազեկ դարձաւ շէնքի վերակառուցման աշխատանքին։ Յիշենք, որ սուրիական պատերազմի տարիներուն, զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներ յաճախակի հրթիռակոծման ենթարկելով գրեթէ աւերակի վերածած էին ընկերաբժշկական այս հսկայ կառոյցը: Խաչուհիները աւետեցին, որ մօտերս կեդրոնին պաշտօնական բացումը պիտի կատարուի եւ կեդրոնը պիտի վերսկսի ծառայութիւն մատուցել շրջանի բնակչութեան։ Սուրիոյ նախագահը այս կեդրոնի վերակառուցման եւս սատար կանգնեցաւ, այս անգամ առողջապահական եւ ընկերային ծառայութիւնը քաջալերելով:

Ծանօթանալէ ետք շէնքի վերակառուցման աշխատանքին, տիար Քելլէս հանդիպում ունեցաւ փոքր ձեռնարկութիւններու յանձնախումբին հետ՝ իմանալու ծրագիրին գործնականացման քայլերն ու տուեալները։
Քելլէս նախքան Ազգ․ Պատսպարան ուղղուիլը այցելեց այս ծրագիրէն օգտուած կարգ մը արհեստաւորներուն խանութները, ծանօթացաւ անոնց աշխատանքին եւ գոհունակութեամբ գնահատեց աշխատող տարրը։
Նոր Գիւղի մէջ տակաւ առ տակաւ վերսկսած են երեւիլ աշխատանքէն կոպտացած արհեստաւորներու ձեռքեր, լսուիլ յաճախորդներ հրաւիրող վաճառորդներու ձայներ․․․
Ազգ․ Պատսպարանէն ներս, տիար Քելլէսը դիմաւորեց Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ․ Տէր Մասիս Սրբ․ Եպս․ Զօպուեանը, ներկայութեամբ ՍՕԽ-ի Շրջ․ Վարչութեան եւ Ազգ․ Պատսպարանի պատասխանատու կազմին։ Ապա Պատսպարանի սաները հաւաքուեցան անոր շուրջ եւ բարի գալուստի խօսքերով շնորհակալութիւն յայտնեցին այս ջերմ ու սիրալիր հանդիպումին համար։

Ընտանեկան ջերմ մթնոլորտի մէջ անոնք զրուցեցին հիւրին հետ ու իրենց առօրեային մասին պատմեցին։

Այնուհետեւ սրբազան հայրը տիար Ֆարէս Քելլէսը ծանօթացուց Հալէպի մէջ համայնքին տարած բարեսիրական շարք մը աշխատանքներուն, ներկայ դժուարութիւնները դիմագրաւելու ճիգերուն եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Սուրիոյ վսեմաշուք նախագահին մշտական հետաքրքրութեան եւ գործնական լուծումներու առաջնորդող զօրակցութեան համար, հաստատելով որ հայ համայնքը ամէն ջանք ի գործ կը դնէ մասնակցելու վերականգնումի աշխատանքներուն։

Իր կարգին, տիար Քելլէս հաստատեց, որ ժողովուրդը գործի մղելու տարբեր ծրագիրներ պիտի մշակուին, որպէսզի ձեռք-ձեռքի, սեփական աշխատանքին վստահելով յաղթահարենք պատերազմի, համաճարակի եւ տնտեսական պաշարման ժամանակաւոր դժուարութիւնները։