ՀՅԴ ԳՄ ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան 24TV-ի «Հարցազրոյց» հաղորդման եթերին ըսած է, որ ՀՅԴ-ն երկրին մէջ տիրող վիճակը աղէտալի կը գնահատէ ` ընդգծելով, որ քաղաքական ու կառավարման ճգնաժամը կրնայ յաղթահարուիլ միայն արտակարգ ընտրութիւններու միջոցով:

Սաղաթէլեան համաճարակի դէմ պայքարին մէջ իշխանութիւնները անկարող եւ  մեղաւոր համարած է, նկատի ունենլով ստեղծուած վիճակը:

Անդրադառնալով «ՀՅԴ-ԲՀԿ-Հայրենիք» եռեակի ապագայ ծրագիրներուն` ան յայտնած է, որ պսակաձեւ ժահրին պատճառով աշխատանքները դանդաղած են, բայց աշխատանքային խումբը յառաջիկայ ծրագիրներուն մասին շուտով պիտի զեկուցէ:

Մանրամասնութիւնները` տեսանիւթով: