Սուրիա եւ Իրան երէկ ստորագրեցին զինուորական գործակցութեան համապարփակ համաձայնագիր մը, որ կը հաստատէր զոյգ երկիրներու պաշտպանութեան բանակներուն  ապահովական եւ զինուորական տարբեր ոլորտներու գործակցութեան ամրապնդումը, ինչպէս նաեւ կողմերու միջեւ ծրագիրներու մշտական համակարգումի ուժեղացումը։
Համաձայնագիրը ստորագրեցին Սուրիոյ պաշտպանութեան նախարար Ալի Ապտալլա Այուպը  եւ Իրանի պաշտպանութեան բանակի գլխաւոր շտապի պետ Մուհամետ Պաքիրի։ Անոնք մամլոյ միացեալ ասուլիսի մը ընթացքին ապօրինի կերպով Սուրիա թափանցած օտար ուժերուն կոչ ուղղեցին հեռանալու սուրիական տարածքներէն։
Իրանեան բանակի շտապի պետը խոստացաւ նեցուկ կանգնիլ Սուրիոյ հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերուն, ապա նաեւ կոչ ուղղեց Թուրքիոյ սուրիական կողմին հետ բանակցելով, համաձայնելով, ոչ թէ Սուրիա թափանցելով  լուծելու իր ապահովական հարցերը։
Սուրիոյ պաշտպանութեան նախարարը իր կարգին հաստատեց, որ Սուրիա-Իրան յարաբերութիւնները ռազմավարական նշանակութիւն եւ արժէք ունին, իսկ համապարփակ այս համաձայնագիրը երկու երկիրներու զինուորական գործակցութեան նոր որակ կը հաղորդէ։
Սուրիա-Իրան յարաբերութիւնները տարիներու պատմութիւն ունին։ 2018-ին զոյգ երկիրներուն միջեւ կնքուած էր զինուորական այլ համաձայնագիր մը, որմով Իրան կը խոստանար  աջակցիլ սուրիական բանակի վերակառուցման եւ պաշտպանական արդիւնաբերութեան զարգացման աշխատանքին։
Այս համաձայնութիւնը, սակայն, համապարփակ համարուեցաւ, որովհետեւ զուգադիպեցաւ այնպիսի քաղաքական եւ ապահովական պայմաններու, որոնք կը միտէին շրջանի ողջ քարտէսը եւ ուժերու ազդեցութիւնը փոփոխութեան ենթարկել։
Նման համաձայնագիր այս ժամանակաշրջանին ոչ միայն տարածաշրջանային, այլեւ միջազգային ուղերձներ կը պարունակէ։ Աւելին. ան զինուորական նշանակութենէն անդին, քաղաքատնտեսական նշանակութիւն ալ կը զգենու, յատկապէս ԱՄՆ-ի ՛՛Կայսեր Օրէնք՛՛ին եւ Իսրայէլի սուրիական տարածքներուն վրայ գտնուող զինուորական կեդրոններու հրթիռակոծումներուն լոյսին տակ հաստատելու, որ դիմադրութեան առանցքը ամուր պիտի մնայ հակառակ սահմանուած տնտեսական պատիժներուն եւ իսրայէլեան յարձակումներուն։
Ուշադրութեան արժանի է Թուրքիոյ ուղղուած կոչը։ Իրան եւ Սուրիա կը պնդեն, որ Թուրքիա դուրս պէտք է ելլէ Սուրիայէն եւ վերջ տայ իր զինուորական ներկայութեան։
Իրականութեան մէջ, Սուրիոյ պետութեան հաւանութեամբ իրանեան ուժերու Սուրիա ներկայութիւնը ահաբեկչութեան դէմ պատերազմին սուրիական բանակին յառաջխաղացքին նպաստեց, մինչդեռ Թուրքիան եւ թրքական ուժերը Սուրիա թափանցելով ահաբեկչութիւնը հրահրեցին, սուրիական տարածքներ բռնագրաւեցին, այդ տարածքներու բնակչութեան թրքական լիրայի օգտագործումը պարտադրեցին, Սուրիոյ հարստութիւնները թալանեցին եւ տակաւին միջազգային օրէնքները խախտող շարք մը արարքներով եւ սուրիացի գաղթականներու թղթածրարին օգտագործումով երկրէն տարածքներ գրաւելու եւ ժողովուրդը քայքայելու կը միտին պարզապէս։
Յստակ է վերջապէս, որ Սուրիոյ պատերազմին երկարաձգումով օտար ուժեր կը միտին ուժասպառ դարձնել այս երկիրը զինուորական, տնտեսական եւ մարդկային այլատեսակ սպառնալիքներով։ Սուրիա-Իրան այս համաձայնագիրը պիտի ամրապնդէ Սուրիոյ պաշտպանութեան համակարգը եւ զինուորական, քաղաքական ու տնտեսական ճնշումներու դէմ պատուար մը պիտի հանդիսանայ Սուրիոյ համար։
«Գ.»