«Ապառաժ».-Ընթերցողի դատին ներկայացուած է «Վէմ» համահայկական հանդէսի 2020 թուականի երկրորդ թիւի էլեկտրոնային տարբերակը` 355 էջ ծաւալով եւ հարուստ բովանդակութեամբ:
Ինչպէս արդէն տեղեկացուցած ենք, նկատի առնելով համավարակի վտանգը` յետաձգած էինք «Վէմ» հանդէսի 2020 թուականի առաջին համարի տպագրութիւնը, բայց ընթերցողներուն ու գիտական թէզեր ներկայացնելու հարց ունեցող յօդուածագիրներու բազմաթիւ պահանջներէն ետք , վերջերս սահմանափակ տպաքանակով լոյս տեսած է: Մէկ շաբաթէն լոյս պիտի տեսնէ նաեւ երկրորդ թիւի տպագիր տարբերակը:
Օրերս լոյս տեսած է նաեւ «Վէմ» Մատենաշարի առաջին հատորը` Երուանդ Փամբուքեանի երկար տարիներու տքնաջան աշխատանքի արդիւնքը հանդիսացող «Քրիստափոր Միքայէլէանի Անտիպ Նամակները» ուշագրաւ ժողովածուն: Հատորը կը սկսի «Քրիստափոր Միքայէլէանի Ժառանգութիւնը» յառաջաբանով, որուն մէջ բարձր գնահատուած է Քրիստափորի նոր նամականիի աղբիւրագիտական արժէքը: Յատուկ ուշադրութեան արժանի է այդ իրողութիւնը, որպէսզի մեր ընթերցողները այդ յառաջաբանը չշփոթեն «Վէմ»-ի ներկայ` երկրորդ թիւի խմբագրականին հետ:
«Վէմ»-ի 2020 թուականի երկրորդ թիւի «Քրիստափորի Կտակը» խմբագրականը Քրիստափոր Միքայէլեանի նուիրական կերպարը անոր բազում արժանիքներու գնահատման ծանօթ կաղապարներէն դուրս բերելու եւ համաշխարհային պատմագիտութեան «Հերոսն Իբրեւ Առաջնորդ» յղացքի միջոցով հայ պատմագիտութեան մէջ վերարժեւորելու առաջին փորձն է:
Այդ յղացքի ակունքները բացայայտելու համար հանդէսի երկրորդ համարով հրապարակած ենք նաեւ երիտասարդ ու խոստումնալից պատմագէտ Գեւորգ Ա․ Ճաղարեանի ուշագրաւ յօդուածը` հերոսներու պաշտամունքի ու հերոսականութեան գիտական ուսումնասիրութեան հիմքերը դրած Թոմաս Քարլայլի պատմագիտական ժառանգութեան մասին:
«Վէմ» հանդէսը իր երկրորդ համարով նախաձեռնած է մասնագիտական քննարկումներ Հայկական հարցի պատմաքաղաքական բովանդակութեան շուրջ` փորձելով զայն իմաստաւորել մեր օրերու ոգիին համահունչ: ՀՀ Գիտութեան Ազգային Ակադեմիայի ակադեմիկոս Ռուբէն Ա. Սաֆրաստեանի «Իմաստաւորելով Հայկական Հարցը 21-րդ դարուն» ուսումնասիրութիւնը հրապարակուած է յօդուածաշարի տեսքով` առաջին մասի շարադրանքը հասցնելով մինչեւ Առաջին աշխարհամարտի օրերը, որպէսզի յաջորդ հատուածը «տեղաւորուի» Սեւրի պայմանագիրի եւ ԱՄՆ նախագահ Վ. Վիլսոնի Իրաւարար վճիռի քննութեան նուիրուած երրորդ համարին մէջ` դառնալով անոր օրգանական մասը:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Դպրեվանքի հիմնադրման ու առաջին տարիներու գործունէութեան պատմութեանն նուիրուած է Էդկար Գ. Յովհաննիսեանի ուշագրաւ հրապարակումը:
Մեր սերունդին համար իւրայատուկ ահազանգի դեր խաղցած է այս տարի լրացած Շուշիի ջարդերուն 100-ամեակին առիթով հրապարակուող Արմէն Ց. Մարուքեանի ցեղասպանագիտական հետազօտութիւնը` այդ յանցագործութեան իրականացման մէջ Թուրքիոյ մասնակցութեան առնչութեամբ:
«Վէմ» հանդէսի 2-րդ թիւը զարդարած է տարիներ շարունակ Կոմիտաս վարդապետի ու անոր աշակերտներու կողմէն բարեխիղճ կերպով հաւաքուած հայ ժողովրդական երաժշտութեան տոհմիկ ժառանգութեան գանձերէն մէկուն` հայկական աւանդական հարսանիքի ծիսաշարերու եւ արարողութիւններու մանրակրկիտ հետազօտութիւնը ազգագրագէտ Հռիփսիմէ Վ. Պիկիչեանի կողմէն:
Եւ վերջապէս «Վէմ» հանդէսի երկրորդ թիւի յաւելուածին մէջ հրատարակուող «Համաշխարհային Ճգնաժամը եւ Մենք» հիմնարար ուսումնասիրութեամբ կը կատարենք էլեկտրոնային տարբերակով հրապարակուած մեր «Թագավարակի Գաղտնիքը» յօդուածը շարունակելու, անոր մէջ առկայ վիճելի դրոյթները յստակացնելու խոստումը: Ողջ աշխարհը պատուհասած ճգնաժամի քաղաքական, տնտեսական ու աշխարհաքաղաքական հետեւանքներու մասին համապարփակ գիտական հայեացք ձեւաւորելու փորձ է: Ցոյց տրուած է, որ համավարակը սոսկ համաշխարհային ճգնաժամի խորացման նախնական յարուցիչն է: Ներկայացուած են ճգնաժամի յաջորդ փուլերուն սպասուող աւելի լուրջ մարտահրաւէրները: Առարկայական փաստերով բացայայտուած է այն իրողութիւնը, որ Հայաստան իր ժողովուրդով ու քաղաքական դասով անպատրաստ էր նոյնիսկճգնաժամի առաջին փուլին:
Ուսումնասիրութեան հիմնարար դրոյթները կ’արտացոեն մեր` որպէս գիտնականի տեսակէտներն ու մտահոգութիւնները, որոնք, դժբախտաբար, տակաւին խորութեամբ չեն ընկալուած մեր պետական ու փորձագիտական շրջանակներու կողմէն: