8 յուլիսին, ՀՅԴ «Սիմոն Վրացեան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի Հայրենադարձներու յանձնախումբի մամլոյ ասուլիսը:
Յանձնախումբի համակարգողներ Սիմոն Գաֆալեան եւ Ժիրայր Պէօճէքեան ներկայացուցին ստեղծուած իրավիճակին լոյսին տակ Հայաստանի մէջ ապրող հայրենադարձներու խնդիրները, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան կողմէ իրականացուող ծրագիրները: Անոնք անդրադարձան նաեւ Սփիւռքի գործերու ընդհանուր յանձնակատարի գրասենեակին կողմէ իրականացուող ծրագիրներուն եւ արձանագրուած բացթողումներուն:
«Կազմակերպած ենք հայրենադարձ ընտանիքներու հետ հինգ հանդիպում, կեդրոնացած ենք առողջապահական, կրթական, դրամատնային խնդիրներու վրայ», լրագրողներուն ըսաւ ՀՅԴ Գերագոյն մարմինի հայրենադարձներու յանձնախումբի համակարգող Ժիրայր Պէօճէքեան` աւելցնելով, որ իրենք առաւելապէս խորհրդատուական, ոչ թէ հայրենադարձութիւն կազմակերպող մարմին են:
«Հանդիպում կազմակերպած ենք IT ոլորտի մեր հայրենակիցներուն հետ, փորձած ենք հայրենադարձ այդ մասնագէտները մասնակից դարձնել մեր աշխատանքներուն: Ամէնէն աւելի այդ ոլորտի աշխատանքներու յայտարարութիւններն են, որ կը տեղադրենք մեր Դիմատետրի էջին վրայ», ըսաւ Ժիրայր Պէօճէքեան:
«Մեր ստացած բոլոր նուիրատուութիւնները ամբողջութեամբ փոխանցած ենք զինուորներու վերականգնողական կեդրոնին», աւելցուց ան:
Ժ. Պէօճէքեան տեղեկացուց, որ պատրաստակամ են իրաւաբանական անվճար խորհրդատուութիւն տրամադրել հայրենադարձ բոլոր այն ընտանիքներուն, որոնք, Հայաստան վերադառնալով, զանազան խնդիրներու կը հանդիպին:
Ըստ անոր` ամէնէն մեծ խնդիրը, որուն յաճախ կը հանդիպին հայրենադարձ ընտանիքները, աշխատանքի հարցն է:
«Բոլորս գիտենք, որ նոյնիսկ Հայաստանի քաղաքացին աշխատանքի խնդիր ունի: Նոյն իրականութեան մէջ կը փորձենք անոնց համար ամէն ինչ ընել», նշեց ան:
Անդրադառնալով «Քորոնա» ժահրով պայմանաւորուած ստեղծուած խնդիրներուն` Ժիրայր Պէօճէքեան նշեց, որ այս ընթացքին ՀՅԴ Գերագոյն մարմինի Հայրենադարձներու յանձնախումբը սննդամթերք տրամադրած է 220 ընտանիքի, որոնց կարգին` ոչ միայն հայրենադարձներու, այլ Հայաստանի քաղաքացիներու եւ Հայաստան գտնուող օտարազգի ուսանողներու:
Ան նաեւ տեղեկացուց` եղած է բարերար մը, որ պատրաստակամութիւն յայտնած է վճարել Շուշիի մէջ բնակութիւն հաստատող 5 հայրենադարձ ընտանիքի 5 տարուան բնակարանային վարձքը: Առայժմ ընտանիք մը ցանկութիւն յայտնած է բնակիլ Արցախի մէջ:
«Հայրենադարձ ընտանիքները մեզի բազմաթիւ շնորհակալական խօսքեր կ՛ըսեն, որովհետեւ Հայաստանի մէջ հարազատ չունենալով` անոնք միշտ մեզի կը դիմեն», ըսաւ Սիմոն Գաֆալեան:
Ան յայտնեց, որ այդ մարդոցմէ շատեր յաճախ հազիւ ի վիճակի կ՛ըլլան հանապազօրեայ հաց վաստակելու եւ փոքրիկ գործարարութիւն մը հիմնելու, բայց այդ ճամբուն վրայ բազմաթիւ դիւանակալական դժուարութիւններու կը հանդիպին:
«Պէտք է պայմաններ ստեղծուին, որ իւրաքանչիւր անձ ցանկայ գալ Հայաստան, իսկ եկողն ալ` չերթայ», ըսաւ Սիմոն Գաֆալեանն ու շեշտեց, որ Հայաստանի մէջ հայրենադարձութեան օրէնքը յստակ չէ. «Ինծի կը հարցնեն` հարենիքի մէջ սեւ ու սպիտակ հայը ո՞րն է, դուրսի ու ներսի հայը ո՞րն է: Ասֆալտին փռելով` երկիր չի շտկուիր, մենք ունեցանք վարչապետ, որ դարձաւ բոլորիս ընտանիքին հայրը, ուրեմն` լաւ, թէ` վատ միաւորէ՛ զաւակներդ, որ ուզեն գալ Հայաստան», Հայաստանի վարչապետին կոչով դիմեց Գաֆալեան ու աւելցուց, որ այս ընթացքին յաճախ սփիւռքէն մտահոգուած հայրենակիցները իրեն կը հարցնեն, ի վերջոյ այս բոլորին վերջը ի՞նչ պիտի ըլլայ. «Ինծի կը հարցնեն, այս ի՞նչ կը կատարուի հայրենիքի մէջ, միւս կողմէ ալ այս պսակաձեւ ժահրը մարդոց մէջ յուսահատութիւն կը յառաջացնէ: Մենք յաճախ կ՛ըսենք հրամմեցէ՛ք Հայաստան, ասիկա մեր երկիրն է, ու մենք պէտք է տէր կանգնինք անոր, մեր հողին, բայց մարդիկ կը մտահոգուին, կ՛ըսեն, եթէ առեւտրական գործի ձեռնարկեմ ապահովագրուա՞ծ եմ», ըսաւ Ս. Գաֆալեանն ու յստակացուց. «Անվստահութեան հարց կայ»: