Յուլիս 2020-ին Ֆրանսայի տարածքին տեղական ինքնակառավարման մարմիններու վերջին ընտրութիւններուն հանրապետական կուսակցութեան ցանկով հայահոծ Քլամար քաղաքի փոխքաղաքապետ վերընտրուած է հայազգի Սերժ Քէհեայեանը: Անցնող վեց տարիներուն ան կը զբաղեցնէր նոյն պաշտօնը:
Ան ծնած է Փարիզ 1968-ին, իր մասնագիտական ուսումը ստացած է Փարիզի քաղաքագիտութեան բարձրագոյն դպրոցին մէջ, ուրկէ վկայուած է Մէթղիս Տէօ Տուա (Metrise de Droit) վկայականով:
Ան որդին է Քլամար քաղաքի երբեմնի վաստակաւոր փոխքաղաքապետ հանգուցեալ Կարապետ Քէհեայեանի: