Ախալցխայի հայ գիւղացիները, զայրացած են, որ իրենց պատկանող արօտավայրերը Վրաստանի գիւղերէն ուրիշներ եկած ու վրաններ դրած են, բողոքի ցոյց կատարած են: Եկուոր հովիւները որոշած են հեռանալ:
Akhaltskha.net-ը յայտնած է, որ գիւղացիներու արօտավայրերէն եկուոր հովիւներուն ոչխարներուն մէկ մասը վաղը պիտի հեռացուի, իսկ միւսը` քանի մը օրէն: Եկուոր հովիւները հայկական գիւղերի գիւղացիներուն հետ համաձայնած են, երբ բողոքի ցոյցի մասնակիցները իրենց արօտավայրերը բարձրացած են, որ ինքնուրոյն ցրեն ոչխարները:Տեղւոյն ոստիկաննական խումբեր միջամտած են, ինչպէս նաեւ քաղաքապետարանէն ներկայացուցիչներ ներկայ եղած են: Տեղացիներուն խօսքով` Վրաստանի ուրիշ շրջաններէն Ախալցխա եկած հովիւները հասկցած են պատահածի լրջութիւնը եւ ինքնուրոյն սկսած են քանդել իրենց վրաններէն քանի մը հատը` իբրեւ ապացոյց, որ հայկական գիւղերու պատկանող արօտավայրերէն կը հեռանան: