«Երկիր».-Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան դիմատետրի իր էջով գրառում կատարած է Ս. Սոֆիա տաճարը մզկիթի վերածելու թրքական իշխանութիւններուն որոշումին մասին:
«Սուրբ Սոֆիա տաճարը մզկիթի կարգավիճակ վերադարձնելու որոշումով թրքական իշխանութիւնները վերահաստատեցին քաղաքակրթութիւններու հանդէպ իրենց ժխտողական ու այլատեաց կեցուածքը:
Իսկ քրիստոնէական արժէքները դաւանող գերտերութիւններուի այս նիւթով ամէն մէկ արձագանգ շատ նման է հիւանդ ու անօգնական մարդու հոգիին, որովհետեւ տակաւին կան Հայոց Ցեղասպանութեան ուրացումը, հայ-թրքական փակ սահմանը, Մերձաւոր Արեւելքի մէջ Թուրքիոյ ցեղասպանական գործողութիւնները», գրած է ան: