«Էրմէնիհապեր».-Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայիպ Էրտողանի գլխաւոր խորհրդական, իրեն հայկական հարցի մասնագէտ հռչակած Սեյիտ Սերթչելիք կը շարունակէ Թուրքիոյ տարբեր նահանգներուն մէջ ժխտողական թեզերը ներկայացնող համագումարներ ու դասախօսութիւններ կազմակերպել: Այս անգամ փրոֆ. Սերթչելիք Հայոց Ցեղասպանութիւնը ժխտող համագումար մը կազմակերպած է Անքարայի մօտ Քըրըքքալէ նահանգի Եահշիհան շրջանին մէջ:
Սերթչելիք անգամ մը եւս հայերը մեղադրած է առաջին համաշխարհային պատերազմի ընթացքին ` ընդդէմ Օսմանեան կայսրութեան օտար երկիրներու, մասնաւորապէս ռուսերու հետ գործակցութեան մէջ: Սերթչելիք հայերը մեղադրած է Օսմանեան կայսրութիւնը դաւաճանելով:
Թուրքիոյ նախագահի խորհրդականին ժխտողական թէզերը լսելու եւ ամենայն հաւանականութեամբ անոնց հետագայ տարածման համար համագումարին մասնակցած են Եահշիհանի գաւառապետ Ֆաթիհ Եըլմազը, քաղաքապետ Օսման Թուրքյըլմազը, Քըրըքքալէ նահանգի ոստիկանապետ Կիւնտեր Շէնսեսը, ոստիկանական ակադեմիայի տնօրէն Մուսթաֆա Եօղուրտճուն, Եահշիհանի շրջանային ոստիկանութեան պետ Էրտալ Աքքուշը, «Ազգայնական Շարժում» կուսակցութեան Քըրըքքալերի նահանգային կառոյցի ղեկավար Էրտալ Պալօղլուն եւ այլ մարդիկ:
Աւելցնենք, որ Էրտողանի գլխաւոր խորհրդական, նախագահի աշխատակազմի անվտանգութեան եւ արտաքին քաղաքականութեան խորհուրդի անդամ փրոֆէսոր Սեյիթ Սերթչելիք 2020-ին քանի մը անգամ Թուրքիոյ տարբեր նահանգներուն մէջ նմանատիպ համգումարներ կամ դասախօսութիւններ կազմակերպած է: