…Երգած է հայ գեղջուկը, որ աւելի քան դար մը առաջ, թուրքին դէմ օրհասական ճակատումներու օրերուն, կ’ուզէր իր «ջուխտ եզ»ը ծախել ու «թիւֆէնք մը առնել»ով՝ իր հոգեհատոր Կիկոն տանիլ ու ֆետայի գրել:

Ատրպէյճանի կողմէ անցեալ շաբաթավերջին, Տաւուշի շրջանին մէջ թափանցումի «մանր փորձ»ն ու հետեւած-կրկնուած բախումները այլազան արձագանգներ գտան հայկական, շրջանային եւ միջազգային բեմերուն վրայ, յուզումի ալիքներ տարածելով Հայաստանէն մինչեւ Արցախ եւ հայկական աշխարհի չորս ծագերը: Նպատակ չունինք դիպաշարին արձանագրութիւնը կրկնելու այստեղ՝ յիշեցնելու համար, որ Ատրպէյճան անգամ մը եւս կը փորձէ աշխարհին ներկայանալ զոհի դերով, հետեւելով արաբական ծանօթ խօսքի մը տրամաբանութեան. «Ինծի զարկաւ եւ ի՛նք լացաւ, ինձմէ առաջ գանգատի վազեց…»: Կը նախընտրենք լուսարձակի տակ առնել այլ իրականութիւններ եւ մտավախութիւններ, որոնք կը ծագին ազերիական ոչ-աննախընթաց այս ոտնձգութենէն:

 

***

 

Առաջին նկատողութիւնը այն է, որ ազերիական յարձակումը մագնիսական ներգործութիւն ունեցաւ Հայաստանի քաղաքական բեմին վրայ եւ միասնական «բեւեռացում» առթեց քաղաքական բոլոր շրջանակներուն: Իշխանաւոր թէ ընդդիմադիր, «նախկին» եւ «նոր», «սեւ» ու «սպիտակ, «յեղափոխական» եւ յետադիմական», լրատու աղբիւներ (շարանը երկար է), մէկ օրուան մէջ վերականգնեցին այն միասնութիւնը, որ մերն է եղած՝ ամէն անգամ որ մեր հողն ու ժողովուրդը դարաւոր թշնամիին սպառնալիքին դէմ յանդիման կը կանգնի: Դատապարտանքի միաձայն ալիք մը բարձրացաւ նախայարձակ թշնամիին դէմ: Իսկ դարաւոր թշնամի ըսելով՝ բնականաբար ի մտի ունինք Ատրպէյճանն ու անոր խորհրդատուն՝ Թուրքիան, որ փութաց ցաւակից ըլլալու իր «եղբօր» եւ դատապարտելու «նախայարձակ հայերը»…

Հակադարձութեանց ու դիտարկումներու ծիրին մէջ, մեզի համար շահեկան կամ հետաքրքրական չէ կանգ առնել որոշ իրողութիւններու վրայ, որոնք կրնան հազար ու մէկ, տեղին ու անտեղի մեկնաբանութեանց, մինչեւ իսկ… չմարած բանավէճերուն վերարծարծման առիթ ծառայել: Օրինակ, վարչապետ Փաշինեանի այն հարցադրումը, թէ արդեօք ազերի զինուորներու Հայաստան թափանցող խումբը ճամբան կորսնցնելո՞վ կամ սխալմա՞մբ սահման հասած է, կամ՝ վարչապետին տիկնոջ կողմէ ազերի մայրերու եւ կիներու ուղղուած՝ խաղաղասիրութեան կոչը արդեօք ներքի՞ն, թէ արտաքին սպառումի կը ծառայէր (նոյնը՝ նաեւ Փաշինեանի յիշեալ հարցադրումին մասին),  կամ՝ պէտք է արդեօք զանոնք դիտել ա՞յն ակնոցով, որ նման բարեմիտ եւ հանդուրժողական արտայայտութիւններ կը ծագին գետնի վրայի իրականութիւններէ խզուածներու կողմէ: Տակաւին, մեկնաբանութիւններ ու վերլուծումներ ծայր առած են, թէ միջազգային ընտանիքը՝ Հայաստանի հետ զինակցական եւ շահակցական կապեր ունեցողներ, հաշտարար միջնորդներ ինչպիսի՛ կրաւորականութեամբ եւ իբրեւ թէ «հաւասարակշռութիւն» պահելու դիտաւորութեամբ արձագանգեցին միջադէպին: Այս բոլորը հաշիւի առնելիք երեւոյթներ են, սակայն ա՛յնքան շահեկան եւ շօշափելի չեն, որքան անոնցմէ անդին կանգնող իրականութիւնները:

Արձանագրենք գոնէ մէկ քանին:

 

***

 

Ազերիին եւ թուրքին համար, Հայաստանն ու Արցախը հաւասարապէս լափելու արժանի պատառներ են: Այդպէ՛ս էր դարերու ընթացքին, այդպէ՛ս էր երէկ` 2016-ի Ապրիլեան պատերազմին (երբ «հիներ»ն էին Երեւանի ղեկին վրայ), այդպէս է նաեւ այսօ՛ր, երբ Հայաստանի սահմանային գօտիի նորագոյն բախումէն անկախ, Արցախն ու Հայաստանի այլ շրջաններ գրեթէ ամէն օր յարձակման, կրակոցներու թիրախ են Ատրպէյճանէն ու Նախիջեւանէն:

Մեր թշնամիին համար չկան «հիներ» ու «նորեր», «յեղափոխական-հակայեղափոխականնե»ներ եւ մասամբ նորին: Թուրքն ու ազերին Հայաստանն ու Արցախը, ի՜նչ կ’ըսենք, ամբողջ հայութի՛ւնը կը դիտեն միագոյն ակնոցով, իսկ հոն տիրապետողը կարմիրն է: Ատրպէյճանի նախագահն ու պետական այլ մարդիկը, նոյնինքն ամբոխային խուժան մարմնաւորող ժողովուրդը յաճախ խօսած են սպառնալիքներու՝ «եթէ բանակցութիւնները լուծում պիտի չբերեն, չենք արհամարհեր զէնքի դիմելու» սպառնալիքի՛ն լեզուով, իսկ Տաւուշի սահմանի միջադէպէն ետք, Պաքուի փողոցները դարձեալ ողողուեցան «Ղարաբաղ» գոռացող ամբոխներով, որոնց բարձրացուցած իրական աղմուկին մէջ, Աննա Յակոբեաններու ամէնէն բարեմիտ ու բարենպատակ կոչերն անգամ ճակատագրուած են մատնուելու խլացումի, նմանապէս՝ ուղղակի ազերի ժողովուրդին դիմելու վարչապետին յաւակնութիւնները: Կարծէք թէ թուրքն ու ազերին նոր պիտի ճանչնանք, թէ՝ իրենց պետական իշխանութիւններէն անջատուած, անոնց հակադրուելու տրամադիր զանգուածներ ըլլային: Եթէ մինչեւ իսկ պահ մը մոռնանք հակահայ նախընթաց փուլերը, բաւարար է որ աչքի առջեւ ունենալ Պաքուի մէջ «Ղարաբաղ» ոռնացողները, իսկ քանի մը օր առաջ ալ… Այա Սոֆիան մզկիթի վերածելու Էրտողանի որոշումը ողջունողները, տեսնելու համար, թէ թուրքն ու ազերին ինչպէ՛ս կը խօսին նոյն ոճով, նո՛յն տրամաբանութեամբ…:

 

***

 

Աւելին. Տաւուշի սահմանին վրայ արձանագրուած դէպքը կ’արժէ դիտել ո՛չ միայն «տեղական միջադէպ»ի շրջագիծին մէջ, այլ հոն պէտք է տեսնել նորագոյն արտայայտութիւնը՝ Հայաստանի ու Արցախի դէմ Ատրպէյճանի առ նուազն յետ-1988-եան թշնամական վարքագիծին, իսկ անոր ենթապաստառին վրայ՝ համաթուրանականութիւնը վերականգնելու Թուրքիոյ ճիգերուն շրջագիծին մէջ (հպանցիկ նշում մը. համաթուրակականութիւնն ալ այսօր նոր տարածք կը ստանայ, որովհետեւ Թուրքիա իր աչքերը յառած է ո՛չ միայն դէպի Կեդրոնական Ասիա, այլ «ճառագայթներ» կ’արձակէ դէպի Ափրիկէ, Արաբական Ծոց եւ այլուր, հոն՝ ուր Իսլամին հետ աղերս չունեցող… «իսլամ ծայրայեղականներ» լծուած են արիւնալի յելուզակութիւններու): Նոյն վարքագիծին տարբեր արտայայտութիւններուն վկայ եղանք, աշխարհին հետ միատեղ, Սուրիոյ, Լիբանանի եւ եւրոպական հողի վրայ: Օրինակներ էին Քեսապի վրայ ծանօթ յարձակումը, Հալէպի հայութեան թիրախաւորումը (երբեք չենք արհամարհեր իսլամ սուրիացիներու դէմ այլապէս իրականացուած ոճիրները, կողոպուտն ու սուրիական խաղաքարտին շահագործումը՝ եւրոպական եւ ամերիկեան օժանդակութիւններու սակարանին մէջ), ու տակաւին երէկ, Լիբանանի մէջ հայերը դարձեալ ջարդելու յոխորտանքով՝ թրքական դրօշակներ ծածանող հրոսակ-ցուցարարները…

Ահա թէ ի՛նչ շրջագիծի մէջ, ինչպիսի՛ դիտանկիւնէ կը մօտենանք Հայաստանի ու Արցախի սահմաններուն վրայ մշտանորոգ զարգացումներուն: Եւ ահա թէ ինչո՛ւ կարեւոր է անյապաղ վերականգնել հայութեան ամբողջական հզօրանքը եւ զայն լծել մեր նախայարձակ թշնամիին դէմ պայքարի ճակատներուն վրայ:

Այո՛, կենսական է որ հայութեան պետական-դիւանագիտական, քաղաքական-կազմակերպական եւ ժողովրդային բոլոր կարողականութիւնները ի մի գան, քաղաքական հակադրութիւններն ու մրցակցութիւնները պարփակուին ճիշդ հունի մէջ, անոնց չտալ արժանիէն եւ օգտակարէն տարբեր տարողութիւն: Դաշնակից-բարեկամներէ, խաղաղարար միջնորդներէ եւ միջազգային ընտանիքէն արդար վերաբերմունքի ակնկալութեան ի խնդիր՝ քաղաքական, դիւանագիտական եւ սփիւռքեան լծակներ լիարժէք կերպով գործի մղելու կողքին, չմոռնանք, որ… «օտարէն մեզ ֆայտա չկայ», ուրեմն, մեր «Կիկոներուն» կողքին կանգնինք այնպէ՛ս՝ ինչպէս ըրինք Արցախեան Շարժումի ծագումի օրերուն, նախընթաց ճակատումներուն, անկէ ետք՝ Ապրիլեան պատերազմին եւ անոր հետեւող՝ գրեթէ ամէն օր արձանագրուած թշնամական ոտնձգութիւններու ատեն: Մանաւանդ պէտք չէ մտահան ընել, որ Տաւուշի վրայ կատարուած յարձակումը կրնայ ըլլալ մէկ կողմէ՝ ուշադութիւններ շեղելու փորձ (հոս ալ մեզի համար շահեկան չէ հարց տալ, թէ Ալիեւ եւ իր խունթան ներքին ինչպիսի խաղերու համար վառելանիւթ կը փնտռէ նման բախումներու հրահրումով), իսկ միւս կողմէ՝ ուղղակի Արցախի վրայ նոր յարձակումի մը նախերգանքը: Վերջին ամիսներու ազերիական յոխորտանքները եւ Թուրքիոյ ուղղակի եւ անուղղակի զօրակցութիւնները մեզ դիւրութեամբ կ’առաջնորդեն… մարգարէներու շարքին (եւ երբեք պիտի չտրտմինք, եթէ դասուինք սուտ մարգարէներու ցանկին):

Հայաշխարհը՝ պետական, դիւանագիտական, կուսակցական եւ քաղաքական բոլոր ոլորտներուն մէջ, կոչուած է մշտարթուն, ահազանգային դրութեան մէջ մնալու, մեզի ի նպաստ զօրաշարժի, երկրաշարժի ենթարկելու աշխարհը, սակայն երբեք չմոռնալ առաւելաբար սեփական բազուկին վստահելու ընտրանքը, չանտեսել անգլիական նշանաւոր խօսքը, որ կ’ըսէ. «Վառօդդ մի՛շտ չոր պահէ»…

 

Ս. ՄԱՀՍԵՐԷՃԵԱՆ

13 Յուլիս 2020