Թուրքիոյ նախագահ «սուլթան» Էրտողան Ուրբաթ, 10 Յուլիսին ստորագրեց հրամանագիր մը, որուն հիմամբ, դարաւոր Այա Սոֆիա տաճարը դարձեալ մզկիթի պիտի վերածուի: Էրտողան կը պատրաստուի 15 Յուլիսին աղօթելու պատմական տաճարին մէջ:
Պսակաձեւ ժահրի տարածման հետեւանքները կրող աշխարհը բաւական յուզում ապրեցաւ շաբաթներ շարունակ՝ Էրտողանի դիտաւորութեան հրապարակման պատճառով։ Թուրքիոյ մէջ եւ այլուր, ստեղծուեցան սուր բանավէճեր, եղան արդար ու հիմնաւորեալ առարկութիւններ: Էրտողան գետին զարկաւ բողոքի բոլոր արտայայտութիւններն ու պատմութիւնը չխեղաթիւրելու կոչերը, եւ հիմնուելով «աղուէսի պոչ» դատարանի մը վճիռին վրայ, ի վերջոյ արձակեց հրամանը:
Թող աշխարհը փոթորկի եւ յիշեցնէ, որ աւելի քան 15 դարու կեանք ունեցող տաճարը յունական է, թէ՝ Բիւզանդական կայսրութիւնը կործանող սուլթանական Թուրքիան զայն արդէն անգամ մը մզկիթի վերածած էր, սակայն հանրապետական Թուրքիան, աւելի քան 80 տարի առաջ, զիջո՜ւմ մը ըրած էր ու զայն վերածած՝ թանգարանի (աշխարհը իր «քաղաքակրթութեամբ» համոզելու քարոզչութեամբ մը): Պատմութիւն եւ այլոց մշակութային ժառանգութիւնները ոչի՛նչ կ’ըսեն սուլթաններու զտարիւն ժառանգորդ Էրտողաններուն, որոնք կրնկակոխ հաւատարմութեամբ կը շարունակեն ուրիշին ստացուածքը, հողը, մշակութային ժառանգութիւնն ու իրագործածը իւրացնելու, իրենցը սեպելու աւազակային վարքագիծը:
* * *
Էրտողանի հրամանագիրն ու անոր յենարան ծառայած՝ վարչական ատեանի վճիռը ասպարէզը լայն բացին մեկնաբանութիւններու եւ գրեթէ միաձայն՝ դատապարտանքի հակադարձութեան առջեւ: Անմիջականօրէն շահագրգիռ Յունաստանը, իր մշակոյթի նախարարին միջոցով, այս որոշումը որակեց «աշխահի երեսին շպրտուած՝ գրգռիչ մարտահրաւէր»: Ռուսիոյ Ուղղափառ եկեղեցւոյ պատրիարքը նախօրօք քննադատած էր առաջադրանքը, ԻՒՆԵՍՔՕ-ն եւս կոչ ուղղեց, որ համաշխարհային մշակոյթի մէկ ծանօթ կառոյցին դիմագիծը չխեղաթիւրուի անգամ մը եւս: Դատապարտանքի եւ դժգոհութեան հակազդեցութիւններու շղթան այնքան երկար է, որ կրնայ բաւարար ըլլալ Էրտողանն ու իր դատարանը… կախաղան հանելու համար:
Մեկնաբանութիւններն ալ ծիածան կազմեցին: Կ’ըսուի, թէ «սուլթան»ը այս փուլին է որ այս քայլին դիմած է, որովհետեւ անոր ժողովրդականութիւնը մեծ նահանջ արձանագրած է, ուրեմն՝ նման քայլով կը ձգտի որոշ ենթահող վերականգնել, տակաւին՝ ստեղծուած աղմուկին մէջ խլացնել ընդդիմադիրներու բռնադատման յառաջացուցած ալիքները: Արդէն որոշումը ցնծութեան ցոյցերով դիմաւորող թուրքերու խանդավառութիւնը որոշ չափով կ’ապացուցէ այս ու նման մեկնաբանութիւններ: Տակաւին, հարցումներ ծագած են, թէ ի՞նչ ճակատագիր կը սպասէ այն քանդակներուն եւ որմանկարներուն, որոնք վաւերագրած են տաճարին քրիստոնէական դիմագիծը:
* * *
Մեզի՝ հայերուս, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ դարաւոր բռնադատութիւններուն զոհ գացած ժողովուրդներուն համար, Էրտողանի այս որոշումը կը դիտուի, պէ՛տք է դիտուի այլ բովանդակութեան մէջ. սա նորագոյն ապացոյցն է, որ Թուրքիա՝ ան կոչուի սելճուգեան-մոնկոլական-թաթարական, սուլթանական, իթթիհատական թէ հանրապետական՝ դարէ դար պահպանած է բռնագրաւողի եւ ուրիշին կերտածը իւրացնողի յատկանիշը: Թուրքիոյ համար Այա Սոֆիա մը բռնագրաւելն ու մզկիթի վերածելը ունի ա՛յն արժէքը, ինչ որ ունի հայուն, կիպրացիին, սուրիացիին, իրաքցիին եւ այլոց հողերը գրաւելու եւ թրքացնելու վարքագիծը: Այս մասին չ’արժեր հին ցանկերը վերանորոգել ու արձանագրել այս սիւնակին մէջ:
Մեր ու թրքական աւազակութեանց զոհ դարձած ժողովուրդներուն արդար իրաւունքն է այս հանգրուանին եւս հարցում ուղղել. աշխարհը պիտի շարունակէ՞ հանդիսատես մնալ նորօրեայ աւազակութեան, որուն միայն մէկ օրինակն է Այա Սոֆիան: Մենք՝ հայերս առաջիններէն ենք, որ բողոքի եւ պահանջատիրութեան ձայն պիտի բարձրացնենք մշակութային այս ոճիրին դէմ, ո՛չ միայն անոր համար, որ շուրջ 10 դար առաջ, հայ անուանի ճարտարապետ մը՝ Տրդատ անուն, այսօր աւերակի վերածուած Անիի մայր տաճարը կերտողը, վերակառուցած է երկրաշարժի հետեւանքով փուլ եկած այս կոթողին գմբէթը եւ հայկականութեան դրոշմ մըն ալ դրած է անոր վրայ, այլ մանաւանդ այն պատճառով, որ նոյն Թուրքիան՝ Էրտողանի եւ զայն կանխողներո՛ւն Թուրքիան, բռնագրաւած է մեր պատմական հայրենիքին մեծ մասը, կը փճացնէ անոր վրայ կերտուած մեր մշակութային ժառանգութիւնները, իսկ կարգ մը կոթողներ ալ կը շահագործէ՝ զանոնք փորձելով աշխարհին ներկայացնել իբրեւ… թրքական իրագործումներու նմոյշներ: Այս կալուածին մէջ ալ, Աղթամարի պատմական եկեղեցւոյ ոդիսականը ծանօթ է մեզի ու աշխարհին: Չենք մոռնար, որ Թուրքիա նոյն այս աւազակային վարքագիծը օրինակ տուած է «եղբայր» Ատրպէյճանին, որ իր հասողութեան սահմաններուն մէջ կը շարունակէ քանդումը, իւրացումը, փճացումը…
Մեր եւ մեզի պէս տուժողներուն (ո՛չ միայն քրիստոնեաներ, այլ նաեւ իսլամներ) իրաւունքն է բարձրաղաղակ պահանջել, որ Թուրքիոյ վարիչներուն արդի ծովահէնութեան վերջ տրուի: Սա Թուրքիոյ ներքին գործերուն միջամտել չէ (որմէ զգուշացեր է յոյն նախարարը…), ո՛չ ալ վերապահութիւն ու թշնամանք՝ Իսլամին նկատմամբ: Եթէ որեւէ կրօնի հետեւորդ կը ցանկայ ծունկ մը աղօթք ընել քրիստոնէական կամ այլ սրբավայրի մը յարկին տակ, վստահաբար ո՛չ ոք պիտի առարկէ: Հարցը հո՛ն չէ, այլ՝ կալուածին, հողին ու երկրամասին պատկանելիութեա՛ն մէջ:
Սարգիս Մահսերէճեան