Ամբողջ հազարամեակ մը, Կ. Պոլսոյ Ս. Սոֆիա տաճարը կը նկատուէր քրիստոնէական մեծագոյն կառոյցը: Կառուցուած է Ք.ե. 532-537 թուականներուն, Բիւզանդիոնի Յուստինեանոս կայսեր օրօք, կը նկատուի բիւզանդական ճարտարապետութեան գլուխ գործոցը: Ս. Սոֆիա կը նկատուի այն տաճարը, որ փոխեց ճարտարապետութեան պատմութեան ընթացքը: Անոր անուանման բառացի թարգմանութիւնը կը նշանակէ՝ «Աստուածային Ս. Իմաստութեան Տաճար», յունարէնով կրճատուած՝ «Հայա Սոֆիա»: Ոմանք անոր անունը թիւրիմացաբար կþառնչեն քրիստոնեայ նահատակ՝ Սրբուհի Սոֆիայի հետ:
Ս. Սոֆիա այդ բլուրին վրայ կառուցուած երրորդ մեծ տաճարն էր: Նախապէս կառուցուած տաճարները քանդուած էին ժողովրդական ապստամբութիւններու հետեւանքով: Աւելի քան հազարամեակ մը ան ծառայած է իբր Յոյն Ուղղափառ եկեղեցւոյ պատրիարքական մայր տաճար, դառնալով հազարմեակներու պատմական դէպքերու ականատես: 1204-1261 թուականներուն, խաչակրութիւններու շրջանին, Ս. Սոֆիան նկատուած է նաեւ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ տաճարներէն մին:
Կառուցուելէն ետք, զանազան ժամանակներու տեղի ունեցած երկրաշարժներուն պատճառով, տաճարին գմբէթը կը մնար անկայուն վիճակի մէջ եւ յաճախ կը փլէր: 986 թուականի երկրաշարժէն ետք, Կ. Պոլիս կը հրաւիրուի Տրդատ ճարտարապետը, որ կառուցած էր Անիի մայր տաճարի գմբէթը եւ մեծ հռչակ կը վայելէր: Տրդատ գմբէթին կողքին, կը կատարէ նաեւ այլ վերականգնումի աշխատանքներ, որովհետեւ տաճարին կառոյցը ճեղքուած էր եւ փլուզման վտանգի տակ կը գտնուէր: Տրդատի շնորհիւ տաճարը ոչ միայն կանգուն մնաց մինչեւ մեր օրերը, այլ նաեւ արտացոլացուց 11-12-րդ դարերու հայ ճարտարպետութեան հետքերն ու հայութեան նուաճած շինարարական արուեստի զարգացման աստիճանը:
Ս. Սոֆիա շարունակեց ծառայել իբր քրիստոնէական տաճար մինչեւ Բիւզանդական կայսրութեան վերջին օրը: 29 Մայիս 1453-ին, օսմանեան զօրքերը երկար պաշարումէ ետք նուաճեցին Կ. Պոլիսը եւ անմիջապէս Ս. Սոֆիա տաճարը վերածեցին մզկիթի: Ան այս կացութեամբ մնաց մինչեւ 1931, երբ Հանրապետական Թուրքիոյ որոշումով վերածուեցաւ թանգարանի: Ան ներառուած է ԻՒՆԵՍՔՕ-ի մշակութային միջազգային ժառանգութեան ցանկին մէջ, ի յիշեցում անոր փառաւոր անցեալին:
Անգլերէնէ թարգմանեց 
Յուշիկ Ղազարեան