Ո՞վ զո՛վ փոխեց: Յաճախ մտքիս մէջ ծագող հարցում մը, որ ինքզինք կը պարտադրէ այս օրերուն:
Քանի մը ամիսէ արդէն ամբողջ աշխարհը կը տառապի ահռելի համաճարակէ, որմէ տակաւին չկրցաւ ձերբազատիլ մարդկութիւնը:
Այս ժահրը շատ բան փոխեց մեր առօրեային եւ ապրելակերպին մէջ: Արդեօ՞ք պիտի սպասէինք համաճարակի մը, որպէսզի ան մեզի «սորվեցնէր» մաքուր ապրիլը, առցանց աշխարհին հետ մեր կապերը ամրապնդելը: Ա՞ն պիտի սորվեցնէր մեզի, թէ անհրաժեշտ է իրարու անձնական տարածքը յարգել եւ չփաթթուիլ, չհամբուրուիլ անպայման ամէն իրար հանդիպելնուս: Պսակաձեւ ժա՞հրը պիտի յիշեցնէր ճաշարանատէրերուն աւելի մաքուր աշխատիլ, մարզական կեդրոնները մաքուր եւ հականեխուած պահել, բրքտոցի պարագային մեր ձեռքը բերնին տանիլ, ապա լուացուիլ եւ այլն … շարքը շատ երկար է կենցաղային այն  արարքներուն, զորս կիրարկելու համար կարիք չունէինք սպասելու աշխարհի ամէնէն մանր եւ աներեւելի ժահրին գալուստին:
Աւելին. երկրագունդն ալ  պահ մը զերծ մնաց մարդ արարածին յառաջացուցած աղմուկէն եւ արտադրած վնասակար նիւթերէն:
Մարդիկ, ներառեալ երիտասարդները, սկսան աւելի ուշադրութիւն դարձնել իրենց առողջութեան եւ ընդգծել տարբերութիւնը առողջ եւ վնասակար սովորութիւններուն, որոնք անմիջականօրէն կþազդեն իրենց առողջութեան վրայ: Անոնք հասկցան վերջապէս, որ անհանգստանալու պարագային, ապաքինումը միայն բժիշկին օգնութեամբ կարելի կը դառնայ, ոչ թէ պատահական, դրացիին կամ ընկերոջ օգտագործած, դեղերը կուլ տալով: Մարդիկ սկսան ուշադրութիւն դարձնել իրենց սնունդին, հագուստին, տան եւ զիրենք շրջապատող ամէն բանի մաքրութեան: Ուտելու սովորութիւններն ալ փոխուեցան՝ համապատասխան դառնալով առողջապահական պայմաններուն: Մարդիկ սկսան աւելի մեծ համեմատութեամբ ուտել բանջարեղէն եւ պտուղ, որովհետեւ վերջապէս համոզուեցան, որ այդպիսի սննդեղէնը պիտի զօրացնէ իրենց մարմինին դիմադրողականութիւնը:
Ըստ երեւոյթի ճգնաժամերը կարելիութիւն կը ստեղծեն նաեւ: Այս պարագային, մարդիկ մասամբ մը ձերբազատելով իրենց առօրեայ հեւքոտ աշխատանքի ճնշումներէն, սկսան տունէն, աւելի հանգիստ պայմաններու մէջ աշխատիլ, ժողովներու մասնակցիլ եւ այլն: Ընտանեկան երեկոները վերաշխուժացան, հաճելի եւ զուարճալի յարաբերութիւնը վերականգնեցաւ ընտանիքի բոլոր անդամներուն միջեւ՝ խաղեր, հաճելի զրոյցներ, որոնք երկա՜ր ատենէ ի վեր անտեսուած էին ընտանիքի անդամներուն կողմէ:
Այս բոլորի բովին մէջ այլ դրական սովորութիւն մըն ալ կեանք առաւ: Ենթադրեցիք չէ՞, որ խօսքս ընթերցանութեան մասին է: Գիրքը վերստին նուաճեց իր բնական տեղը՝ մարդոց ձեռքերուն մէջ, դուրս գալով պահարաններու դարաններէն:
Հետաքրքական երեւոյթ մըն ալ թափ առաւ առական սեռին համար: Թէեւ տղամարդիկ փափաք կը յայտնէին օժանդակելու իգական սեռին տան գործերուն մէջ, սակայն, եկուր տես որ ժամանակ չէին գտներ… Համաճարակը ստեղծեց ու հաստատեց այդ ժամանակը, իսկ տղամարդիկ տնային գործերու մէջ ակնառու, նախանձելի յաջողութիւններու կրցան հասնիլ: Հազար ապրիք, տղա՛ք: Անշուշտ իգական սեռին դերը երբեք չենք կրնար ուրանալ, մեր մտքին մէջ միշտ կը շրջի այս առաքելութեան ժամանակաւոր բեռ մը ըլլալու ոդիսականը:  Չենք ջանար նուազեցնել որեւէ մէկ ձեւով:
Այս դժուար օրերն ալ պիտի անցնին: Յուսանք, ուրեմն, որ գեղեցիկ եւ լաւ սովորութիւնները, որոնք մուտք գործեցին մեր առօրեայէն ներս, առյաւէտ մնան մեզի հետ ու համաճարակի թոհուբոհին մէջ յուշարար լոյսի մը նշոյլը ընդգծեն:
Սագօ Խալոյեան