Մեծարգոյ
Տիար Նիկոլ Փաշինեան
ՀՀ Վարչապետ

Ձայնակցելով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի զօրակցական կոչին, Բերիոյ Հայոց Թեմի ժողովականութեան եւ ժողովուրդին անունով խստօրէն կը դատապարտենք անցնող օրերուն հայ-ատրպէյճանական սահմանին վրայ Տաւուշի մարզին ուղղութեամբ Ատրպէյճանին հրահրած մարտական գործողութիւնները, որոնք պատճառ դարձան մարդկային զոհերու:

Սրտի խոր կսկիծով մեր վշտակցութիւնն ու ցաւակցութիւնը կը յայտնենք նահատակ հերոսներու ընտանիքներուն:
Փառք ու պատիւ հայրենիքի պաշտպանութեան համար իրենց կեանքերը զոհաբերող սահմանի մեր զինուորներուն:

Այս առիթով, մեր ամբողջական զօրակցութիւնը կը յայտնենք Արցախին, հայկական պետականութեան եւ հայոց բանակին: Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք միասնական գործակցութեամբ ձախողութեան կը մատնենք մեր հայրենիքին ապահովութիւնն ու խաղաղութիւնը խաթարելու Թուրքիոյ բոլոր փորձերը:

Աղօթք բարձրացնելով առ բարձեալն Աստուած կը մաղթենք, որ շուտով խաղաղութիւնը հաստատուի Արցախի Հանրապետութեան պետական սահմանին վրայ եւ Արցախի մեր բնակավայրերը վերագտնեն իրենց ապահովութիւնը:

Մնամք սիրոյ ջերմ ողջունիւ եւ օրհնութեամբ,

Հալէպ, 16 Յուլիս 2020

Աղօթարար
Մասիս Եպս. Զօպուեան
Առաջնորդ Բերիոյ Հայոց Թեմին