«Երկիր».-Քանատայի արտաքին գործոց նախարար Ֆրանսուա Ֆիլիպ Շամպայն յայտարարութիւն տարածած է հայ-ատրպէյճանական սահմանին վերջին օրերու իրավիճակին մասին: Յայտարարութիւնը հրապարակուած է Քանատայի կառավարութեան կայքին մէջ:
«Քանատան անհանգստացած է հայ-ատրպէյճանական սահմանի երկայքնով բռնութիւններուն առնչութեամբ: ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի հետ մէկտեղ Քանատան վճռականօրէն կոչ կ’ուղղէ երկու կողմերուն չդիմել ուժի կիրառման, յարգել հրադադարի վարչակարգը եւ պաշտպանել քաղաքացիները: Այս հակամարտութեան հանգուցալուծումը պէտք է նկատէ առնէ Հելսինքեան եզրափակիչ արարքը, մասնաւորապէս` ուժ չկիրառելու, տարածքային ամբողջականութեան եւ ինքնորոշման սկզբունքները», ըսուած է յայտարարութեան մէջ: