Լուսինէ Այրապետեանի «Դիտակէտ» հեղինակային հաղորդաշարի հիւրն է ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի ղեկավար Կիրօ Մանոյեան:
Հաղորդման մասնակիցները անդրադարձած են ՀՀ պետական սահմանին Ատրպէյճանի սանձազերծած բացասական գործողութիւններուն եւ անոր դրդապատճառներուն, Թուրքիոյ միջամտութեան հայ-ատրպէյճանական սահմանային լարուածութեան, Ատրպէյճանի կողմէն Մեծամօրի աթոմակայանը ոչնչացնելու սպառնալիքներուն, ՀԱՊԿ-ի եւ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի արձագանգներուն, Հայ Դատի յանձնախումբերու յայտարարութիւններուն եւ ձեռնարկած քայլերուն, ինչպէս նաեւ լայնածաւալ պատերազմի բռնկումի հաւանականութեան:
Մանրամասնութիւնները` տեսանիւթով