Մարդ արարածին համար դիւրին ձեռք բերուած կամ իր տրամադրութեան տակ առատ եղած որեւէ բան կ’արժեւորուի միայն այն ատեն, երբ զայն կորսնցնէ կամ կորսնցնելու վտանգին տակ ըլլայ:
Այս իրականութիւնը հաստատեցինք 2012-ին, երբ մեր քաղաքը մտաւ պատերազմական վիճակի մէջ եւ ջուրի տագնապ ունեցանք: Մեզի համար ջուրը կենսական էր, բայց անոր ապահովումը մտահոգութիւն չէր եղած երբեք, որովհետեւ մենք առատօրէն եւ շռայլութեամբ ջուր կ’օգտագործէինք, առանց որեւէ խնայողութեան:
Պատերազմի շրջանին ամէն բան սահմանափակուեցաւ, դիմացանք, սակայն ամէնէն տագնապալին ջուրի հայթայթման սահմանափակումն էր:
Ջուրին տագնապը անել կացութեան մատնեց բոլորս, ուստի պետութիւնը ժողովուրդին կենսական ջրամատակարարումը ապահովելու համար ջրհորներ փորել տուաւ:  Սակայն հարցը բոլորովին չլուծուեցաւ: Բնակչութիւնը ջրհորներէն ջուրը բնակարաններ փոխադրելու համար մեծ դժուարութեան հանդիպեցաւ, օգտագործեց կառքեր, հեծանիւներ, որոնց վրայ տեղադրուած մեծկակ ջրամբարներու մէջ լեցուց ջուրը, հոնկէ տանիք փոխադրելու զայն: Ոմանք  տակառներ կամ շիշեր լեցնելով ամէն օր ջուր կրեցին: ՍԵՄ-ի նուիրեալ մեր տղաքն ալ անձնական իրենց մեքենաներով տարեցներուն կամ դժուարութիւններ ունեցողներուն յատուկ ջրամբարներով ջուր հասցուցին: Դպրոցները, եկեղեցիներն ու ակումբները իրենց դռները բացին ջրամատակարարման համար, իսկ օրական դրութեամբ ըմպելի ջուր գնելով՝ հալէպահայուն տնտեսական արդէն իսկ ծանր բեռը անտանելի դարձաւ:
Այսքանը արտատնային դժուարութիւններ էին, ունեցանք նաեւ տնային դժուարութիւններ: Օրինակ՝ քանի մը կաթիլ ջուրով պէտք էր բաւարարուէինք լուացուելու համար, մէկ դոյլ ջուրով պէտք էր լոգանք առնէինք եւ այդ ջուրը մաքրութեան յատկացնէինք եւ այլն:
Թէեւ այս բոլոր տագնապներէն անցանք, սակայն սորվեցանք նաեւ ամէն ինչ արժեւորել եւ ամէն բան խնայողութեամբ գործածել:
Արինա Պօշկէզէնեան
Ազգ.Քարէն Եփփէ Ճեմարան
Թ կարգ