ՏԵՂԱԿԱՆ
ԼՈՒՐԵՐ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԷՆ
– ՀՄԸՄ-ի տղոց խումբի խաղացող Պետիկ Մահսերէճեան Սուրիոյ պասքեթի ախոյեանութեան Հալէպի խմբաւորումի մրցումներուն 100 կէտ նշանակելով գրաւեց լաւագոյն խաղացողներու ցուցակին երկրորդ դիրքը:
– Անցեալ շաբթուան ընթացքին տեղի ունեցան Սուրիոյ պասքեթի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան Հալէպի խմբաւորումի մրցումները: Սոյն մրցումներուն ՀՄԸՄ-ի կազմը իր մասնակցութիւնը բերաւ երիտասարդական կազմի խաղացողներով: Աւարտին աղիւսակին առաջին դիրքը գրաւեց Իթթիհատը, որուն յաջորդեցին ճալաա, Հուրիէ եւ ՀՄԸՄ խումբերը:
– Կիրակի օր Դամասկոսի մէջ տեղի ունեցաւ Սուրիոյ Պասքեթի Դաշնութեան (ֆետերասիոնին) կազմակերպած ընդհանուր ժողովը, որուն ընթացքին արծարծուեցան սուրիական պասքեթի ախոյեանութիւններուն առնչուող հարցեր եւ ներկայացուեցան զանազան առաջարկներ:
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ
ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ԴԱՐՁԱՒ ՇԱԲԹՈՒԱՆ ԼԱՒԱԳՈՅՆ ԽԱՂԱՑՈՂԸ
Հայաստանի ֆութպոլի հաւաքականի եւ Իտալիոյ Ռոմա խումբի կիսապաշտպան Հենրիկ Մխիթարեան դարձաւ Իտալիոյ ախոյեանութեան 31-րդ փուլի լաւագոյն խաղացողը: SofaScore-ը կազմեց Իտալիոյ առաջնութեան 31-րդ փուլի խորհըրդանշական հաւաքականի կազմը, որուն մաս կազմեց նաեւ Մխիթարեան:
 Հայ մարզիկը ընտրուեցաւ նաեւ Փարմայի դէմ կայացած մրցումին լաւագոյն մարզիկը : Աւելցնենք, որ  Իտալիոյ ֆութպոլի առաջնութեան 31-րդ փուլին Ռոման Հռոմի ողիմպիական մարզադաշտին մէջ  հիւրընկալեց Փարման:
Առաջին կիսախաղին, Փարմա կատարեց կոլերուն բացումը, որմէ քանի մը վայրկեան ետք Մխիթարեան նշանակեց հաւասարութեան կոլը:
Երկրորդ կիսախաղին, Մխիթարեանի յաջող փոխանցումով, Վերեթու կրկնապատկեց արդիւնքը:
ՄԱՐՍԵԼՕ ՄԻՆՉԵՒ ՏԱՐԵՇՐՋԱՆԻ ԱՒԱՐՏ ՊԻՏԻ ԲԱՑԱԿԱՅԻ
Սպանիոյ մայրաքաղաքի խումբի՝ Ռէալ Մատրիտի պաշտօնական էջին վրայ յիշուեցաւ, որ խումբի կիսապաշտպան պրազիլցի խաղացող Մարսելօ վիրաւորուելուն պատճառով մինչեւ տարեշրջանի աւարտը պիտի բացակայի խումբի մրցումներէն: Սպանական «Մարքա» օրաթերթը յայտնեց, որ խաղացողը մէկ ամիս շարունակ պիտի ենթարկուի դարմանումի եւ մաս պիտի չկազմէ խումբի մնացեալ հանդիպումներուն:  Մարսելօ պիտի բացակայի Կարանատայի, Վիլա Ռէալի եւ Լեկանէսի հանդիպումներէն, եւ մեծ հաւանականութեամբ, 7 Օգոստոսին ներկայ պիտի ըլլայ Եւրոպայի ախոյեանական մրցումներուն Մանչեսթըր Սիթիի դէմ կայանալիք հանդիպումին:
Պատրաստեց
Ռաֆֆի Սիւլահեան