Արեւելեան Ա.Մ.Ն.-ի Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը, Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութիւնը, Հայ Օգնութեան Միութիւնը, Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութիւնն ու Համազգայինը խստօրէն կը դատապարտեն Ատրպէյճանի կողմէ կատարուած բիրտ յարձակումները՝ Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանամերձ շրջաններուն վրայ եւ իրենց խոր ցաւակցութիւնը կը յայտնեն հայոց բանակի զոհուած հերոսներու ընտանիքներուն:

Մենք պիտի շարունակենք թիկունք կանգնիլ մեր քաջ զինուորներուն, որոնք կը պաշտպանեն մեր հայրենիքն ու ժողովուրդը:

Մենք ամբողջովին կողքին ենք Հայաստանի ժողովուրդին եւ միեւնոյն ժամանակ կը պաշտպանենք Հայաստանի ինքնապաշտպանութեան իրաւունքը` ընդդէմ վայրագ բռնութեան եւ յարձակումներուն:

Մենք կ՛արտայայտենք մեր ցասումն ու վրդովումը Ատրպէյճանի կառավարութեան եւ զինուած ուժերուն կատարած յարձակումին գծով՝ Հայաստանի Հանրապետութեան Տաւուշի շրջանին վրայ: Այս յարձակումները անգամ մը եւս կ՛ապացուցեն, որ Պաքուն ոչ մէկ գործակցութեան պատրաստակամ է՝ յաչս շրջանի խաղաղութեան: Յստակ է, որ այս յարձակումները կը ծառայեն միա՛յն Ալիեւի ղեկավարութեան բռնակալ միտումներուն՝ լարուածութիւնը սաստկացնելով, միաժամանակ պետութեան կողմէ գրգռելով ատելութեան եւ վախի քաղաքականութիւնը Ատրպէյճանի բնակչութեան մէջ՝ հայերուն նկատմամբ: Ատելութեան գործելաձեւ մը, որ կը յիշեցնէ 1915-ին Երիտասարդ թուրքերուն կատարածը՝ Հայոց Ցեղասպանութեան վաղորդայնին:

Ատրպէյճանական յարձակումները՝ Հայաստանի Տաւուշի մարզին վրայ, կը յիշեցնեն Ռոյս-Էնկըլ խաղաղութեան առաջարկին (https://anca.org/what-are-the-royce-engel-proposals-why-do-they-matter-why-should-you-care/) կիրարկման կարեւորութիւնը: Ալիեւի ղեկավարութիւնը անպատժելիութեամբ կը շարունակէ իր յարձակումը Հայաստանի Հանրապետութեան ու Արցախի վրայ։ Մենք կը պահանջենք, որ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբը դատապարտէ Ատրպէյճանի բռնի յարձակումները եւ սահմանի երկայնքին տեղադրէ առաջատար հրետանային համակարգեր եւ ձայնային սարքեր: Մենք նաեւ կոչ կ՛ուղղենք՝ շփման գիծի երկայնքին ստեղծել ԵԱՀԿ-ի լրացուցիչ դիտորդներ՝ զինադադարի խախտումներուն ու անոնց դրդապատճառներուն աւելի մօտէն հետեւելու համար:

Մեզի համար առաջնահերթ կը մնայ Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւններու անվտանգութիւնը: Մենք կոչ կ՛ուղղենք միջազգային հանրութեան, որպէսզի դէմ կանգնին Պաքուի ու Ալիեւի բռնատիրութեան եւ համապատասխան պատժամիջոցներ կիրարկեն: Աւելի՛ն, մենք կոչ կ՛ուղղենք Միացեալ Նահանգներուն՝ դադրեցնելու Ատրպէյճանին տրուող ռազմական որեւէ օժանդակութիւն:

Կոչ կ՛ուղղենք միջազգային հանրութեան՝ գործի լծուելու եւ քայլերու դիմելու, նաեւ մեր կոչն է բոլոր ամերիկահայերուն՝ միանալու՝ ի պաշտպանութիւն Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւններուն:

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Արեւելեան Ա.Մ.Ն.-ի Կեդրոնական Կոմիտէ
Հայ Երիտասարդական Դաշնակցութեան Արեւելեան Ա.Մ.Ն.-ի Կեդրոնական Վարչութիւն
Հայ Օգնութեան Միութեան Արեւելեան Ա.Մ.Ն.-ի Շրջանային Վարչութիւն
Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութեան Արեւելեան Ա.Մ.Ն.-ի Շրջանային Վարչութիւն
Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Արեւելեան Ա.Մ.Ն.-ի Շրջանային Վարչութիւն

Ուաթըրթաուն, Մասաչուսէց
19 Յուլիս 2020