«Հորիզոն» – Հայաստանի վրայ ատրպէյճանական յարձկակապաշտ ռազմական գործողութիւններէն անմիջապէս ետք, Քանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի Օթթաուայի գրասենեակն ու շրջանային յանձնախումբերը լծուելով գործի դիմեցին Քանատայի դաշնակցային եւ նահանգային խորհրդարաններու անդամներու, ինչպէս նաեւ քանատական քաղաքական կ կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներու, դատապարտելու համար ատրպէյճանական բռնութիւնները։

Չորեքշաբթի, 15 Յուլիս 2020-ին, Քանատայի Արտաքին Գործոց նախարար Ֆրանսուա-Ֆիլիփ Շամփայն հանդէս եկաւ յայտարարութեամբ մը, որուն մէջ կը նշէր թէ՝ Քանատան մտահոգ է Հայ-Ատրպէյճանական սահմանին տեղի ունեցող բռնութիւններով:

Նախարար Շամփայն կը շեշտէր, որ Եւրոպական Միութեան ՄԻՆՍԿ-ի Անվտանգութեան եւ Համագործակցութեան խումբի կոչերուն միանալով, Քանատան երկու կողմերուն կը յորդորէ անյապաղ ձեռնպահ մնալ ուժի կիրառութենէ, յարգել հրադադարի պայմանաւորուածութիւնն ու պաշտպանել քաղաքացիները: Հակամարտութեան լուծման գործընթացը պէտք է հիմնուի Միջազգային իրաւունքի Հելսինկեան պայմանագրով ամրագրուած ուժի չկիրարման, տարածքային ամբողջականութեան եւ ինքնորոշման սկզբունքներուն վրայ: Քանատայի Հայ Դատի յանձնախումբը գնահատելով հանդերձ Քանատայի արտգործ նախարարի յայտարարութիւնը՝ անբաւարար նկատեց զայն եւ պահանջեց ատրպէյճանական բռնարարքները դատապարտող յստակ յայտարութիւն։

Նոյն օրերուն, Քանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի Ատրպէյճանի բռնութիւնները դատապարտելու կոչին ընդառաջելով գրառումներով հանդէս եկան Քանատայի խորհրդարանի անդամներ:

Քանատայի խորհրդարանի ընդդիմադիր Պահպանողական Կուսակցութեան անունով, Խորհրդարանի անդամ Պապ Սարոյա խստօրէն դատապարտեց Ատրպէյճանի յարձակումները Հայաստանի Տաւուշի Մարզի բնակավայրերուն վրայ:

Ընդդիմադիր «Նոր Դեմոկրատ» կուսակցութեան ղեկավարի տեղակալ Ալեքսանտր Պուլրիս յայտարարեց, որ Ատրպէյճան պէտք է անյապաղ դադրեցնէ իր յարձակումները Հայաստանի սահմանամերձ բնակավայրերուն վրայ։ Ան նշեց, որ զինուորական այս արարքը հրադադարի խախտում է եւ նոյնիսկ անհասկնալի՝ երբ պէտք է պայքարիլ համաճարակին յարուցած խնդիրներուն դէմ:

Քանատա-Հայաստան խորհրդարանական բարեկամութեան խմբակցութեան նախագահ Պրայըն Մէյ մտահոգութիւն յայտնեց զինուորական իրադարձութիւններուն գծով եւ հաստատեց Քանատայի նախանձախնդրութիւնը ԵԱՀԿ-ի Մինսկի խմբակի ճիգերուն աջակցելու:

Խորհրդարանի անդամ Հան Տօնկ գրեց, որ Հայ-Ատրպէյճանական սահմանի բռնութիւններուն արձագանգները կը հասնին մինչեւ իր ընտրտարածքը՝ Հիւսիսային Տօն Վալի, ուր կը գտնուի Թորոնթոյի Հայ Կեդրոնը։ Ան իր գրառումին կացած էր Քանատայի CTV հեռուստաընկերութեան հարցազրոյցը Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանի հետ։

Խորհրդարանի անդամ Ժան Եիփ գրեց, որ խորապէս անհանգստացած է Հայ-Ատրպէյճանական սահմանին տեղի ունեցող բռնութիւններով եւ կոչ ուղղեց անյապաղ վերսկսիլ խաղաղ բանակցութիւնները: