Երկուշաբթի, 20 Յուլիս 2020-ին, Սուրիոյ Առողջապահութեան Նախարարութիւնը յայտարարեց, որ պսակաձեւ ժահրով վարակուած 26 նոր պարագաներ արձանագրուեցան, 10 վարակուածներ բուժուեցան եւ 4 պարագաներ մահացան։
Այսպիսով Սուրիոյ մէջ պսակաձեւ ժահրով վարակուածներուն թիւը կը հասնի 522-ի, մահացածներունը՝ 29-ի, իսկ բուժուածներունը՝ 154-ի։