Սուրիոյ խորհրդարանական օրէնսդրական 3-րդ շրջանի ընտրութիւններու Կեդրոնական Ընտրական Յանձնախումբը Կիրակի, 19 Յուլիս 2020-ի գիշերը փակ յայտարարեց քուէարկութեան տուփերը։ Երկուշաբթի առաւօտեան ժամը 7:00-էն երեկոյեան ժամը 7:00 կարգ մը նահանգներու ընտրական որոշ կեդրոններու մէջ կրկնուեցաւ ընտրութիւնը։

Երեքշաբթի, 21 Յուլիսի առաւօտեան Ընտրական Կեդրոնական Յանձնախումբը պիտի յայտարարէ ընտրութիւններուն վերջնական արդիւնքը։

Ըստ նախնական տուեալներու, ընտրութիւններուն արդիւնքով Սուրիոյ խորհրդարանին մաս կը կազմեն երեք հայ երեսփոխաններ՝ Հալէպէն տիար Ժիրայր Րէիսեան եւ իրաւաբան Լիւսի Իսկէնեան, Դամասկոսէն՝ դոկտ. Նորա Արիսեան։